ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նախորդող օրերուն եւ յատկապէս 18 Հոկտեմբերին, հակասական լուրեր շրջան ըրին Սիւնիքի մարզի Փելա սար կոչուող տարածքը հայկական հսկողութեան տակ գտնուելուն առնչութեամբ։
Սիւնիքի մարզի Փելա սար կոչուող տարածքին մէջ դիրքային փոփոխութիւն տեղի չէ ունեցած, եւ Հայաստանի սահմանապահ զօրքերը կը շարունակեն իրականացնել պետական սահմանի պահպանութիւնը նշուած հատուածին մէջ: Այս մասին յայտարարութիւն տարածեց Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը։
«Ի պատասխան որոշ լրատուամիջոցների կողմից շրջանառուող այն տեղեկութիւնների, թէ իբր Կապանի Փելա սարը յանձնուել է Ադրբեջանին՝ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը տեղեկացում է, որ Սիւնիքի մարզի Փելա սար կոչուող տարածքում դիրքային փոփոխութիւն տեղի չի ունեցել, եւ ՀՀ սահմանապահ զօրքերը շարունակում են իրականացնել պետական սահմանի պահպանութիւնը նշուած հատուածում», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:
Միւս կողմէ, Ազգային ժողովի «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր Տիգրան Աբրահամեան 18 Հոկտեմբերին յայտնեց, որ փորձած է ճշդումներ կատարել այս հարցին վերաբերեալ: «Որքան հնարաւորութիւն ունեցայ ճդտէի, սարի մի հատուածում մենք ենք վերահսկողութիւն իրականացնում, միւսում՝ ադրբեջանցիները», գրած է ան։
Վերջերս սարը յանձնելու մասին ահազանգեց նաեւ «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Աննա Գրիգորեան:
«Փաստինֆօ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, Կապանի համայնքապետ Գէորգ Փարսեան եւս դիտել տուաւ, որ Կապանի Փելա սարը յանձնուեցաւ Ատրպէյճանին՝ շեշտելով, թէ երկու օրէ ի վեր Կապանի կարեւոր բարձունքը անցած է ատրպէյճանցիներուն վերահսկողութեան տակ։
Ըստ անոր՝ ատրպէյճանցիները անմիջապէս փակած են յարակից ճանապարհահատուածը, որ կը ծառայէ ոչ միայն զինուորներուն, այլ նաեւ գիւղացիներուն: «Ճանապարհը մեզ համար միջդիրքային ճանապարհ էր ծառայում, գիւղացիների համար էլ ծառայում էր վառելափայտ հայթայթելու համար, դա հիմա ադրբեջանցիները փակել են, եւ իրենց վերահսկողութեան ներքոյ է»:
Տակաւին երկու օր առաջ, սարի մէկ հատուածը հայ զինուորները կը հսկէին, միւսը՝ ատրպէյճանցիները:
Բարձունքը ատրպէյճանցիներուն յանձնելու մասին պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած էին 2021ի ձմրան, սակայն այդ մասին պաշտօնական հրապարակումներ չկատարուեցան: Եղած են չափագրումներ, ելեկտրոնային քարտէսով սարի երկու հատուածին մէջ տեղեկայուած էին հայ եւ ատրպէյճանցի զինուորներ։
«Ժամանակին՝ Յունուար-Փետրուար ամիսներին, կար պայմանաւորուածութիւն: Չափագրումներ էին անում GPS-ով, որի արդիւնքում հատուածներ կար հայկական էր, հատուածներ կար երեւում էր՝ ադրբեջանական: Հայկական հատուածները մենք կարողանում էինք օգտագործել որպէս միջդիրքային ճանապարհ, դա գիւղացիները օգտագործում էին անտառ մտնելու համար: Հիմա այդ հատուածը, չգիտեմ ինչու, անցաւ ամբողջովին իրենց վերահսկողութեան տակ», յայտնեց Փարսեան:
Կապանի համայնքապետը շեշտեց, որ Փելա սարը ռազմավարական կարեւորագոյն նշանակութիւն ունեցող բարձունք է: Սարի վերահսկողութիւնը ատրպէյճանցիներուն յանձնելը որոշ վտանգներ կը յառաջացնէ յարակից գիւղերուն՝ առաջին հերթին Ագարակ գիւղին համար: