Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ ազգային ապրումներով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանէն օրհնութեամբ եւ գնահատանքով կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի հրաւէրով ուսուցիչներու վերապատրաստութեան այս ծրագրին ներկայացած մեր բոլոր դպրոցներուն Ուսումնական խորհուրդներն ու մարմինները, տնօրէններն ու ուսուցիչները, նուիրեալ դաստիարակներն ու կրթական մարզի անխոնջ մշակները: Նաեւ յարգանքով կը յիշենք մեզմէ առյաւէտ բաժնուած վաստակաշատ բոլոր դաստիարակները, ի մասնաւորի՝ Խնամակալ մարմինի տարիներու նուիրեալ ատենապետ, նորոգ հանգուցեալ Լիզա Կապուտեանը:
Մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս Հոկտեմբեր ամիսը կը բնորոշուի Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետաց տօնի խորհուրդով, յարգանքով յիշելու հայ գիր ու դպրութեան ռահվիրաները եւ, ընդհանրապէս, հայ ժողովուրդի մշակութային կեանքը ի բարձունս հասցուցած երախտարժան տիտանները:
Դուք՝ սիրելի հայ տնօրէններ, ուսուցիչներ եւ մշակներ, ըլլալով մարդկութեան քաղաքակրթական արշալոյսներ նուիրած մեր ազգի անկրկնելի յաղթականներուն հաւատարիմ հետեւորդները, այսօր նաեւ ձե՛ր տօնն է: Այս առիթով ի սրտէ կը շնորհաւորենք ձեր բոլորը եւ կ՛ուզենք հետեւեալ մտածումները կիսել ձեզի հետ.
Ա. Ուսուցիչ ըլլալը երկնատուր շնորհք է: Ուսուցչութիւնը սովորական հասկացողութեամբ գործ կամ ասպարէզ չէ, այլ առաքելութիւն է, բառին ամբողջական եւ լիարժէք իմաստով: Առ այդ, կը հրաւիրենք ձեզ՝ ձեր մեծ կոչումին գիտակից, վերանորոգ յանձնառութեամբ եւ նոր թափով շարունակելու ձեր ամենազնիւ ծառայութիւնը, որուն գերագոյն նպատակը կը հանդիսանայ հայեցի դաստիարակութեան ջամբումը մեր դեռատի աշակերտներուն:
Հայ Դպրոցը իր ստեղծման առաջին իսկ օրէն, մեր ազգի հաւատքի ակունքէն, մշակոյթի աղբիւրէն եւ հերոսական պատմութենէն սերմեր կը ցանէ մեր մատղաշ սերունդներու հոգեմտաւոր էութեան մէջ, որպէսզի վաղը ազգի կեանքին մէջ ունենանք մեր հաւաքական կեանքը ղեկավարող արժանի առաջնորդներ:
Բ. Ինչպէս ծանօթ է, անցնող շուրջ մէկուկէս տարուան ընթացքին միջազգային եւ ազգային մակարդակներու վրայ մեր կեանքը արիւնեցաւ աննախընթաց չափի տեսակ-տեսակ կորուստներու ի հետեւանք. համաշխարհային բնոյթի պսակաձեւ ժահրի համաճարակէն սկսեալ մինչեւ Արցախի պատերազմ եւ Միջին Արեւելեան ոստաններ, մեր ժողովուրդը ահաւոր ցնցումներու ենթարկուեցաւ, որոնց ազդեցութիւնը տակաւին կը մնայ թարմ մեր յիշողութեան մէջ:
Այսուհանդերձ, մեզի համար յոյժ ողջունելի երեւոյթ է այն, որ ընդհանրապէս ուսուցիչ տարրը եւ մասնաւորաբար Հայ Ուսուցիչը առաջնորդողի իր կոչումին ու դերակատարութեան գիտակից, կրցաւ կանգուն պահել Հայ Դպրոցը ե՛ւ որպէս կառոյց, ե՛ւ որպէս աշակերտութիւն: Մեր մաղթանքն է, որ ձեր մէջ ամբարուած ոգեղէն քաջութեան ու յոյսի ա՛յս որակը միշտ ներկայութիւն դառնան մեր բոլորին սիրելի աշակերտներուն կեանքէն ներս եւ իբրեւ այդպիսին տարածուին նաեւ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ:
Գ. Անհերքելի իրողութիւն է, որ շնորհիւ մեր համախումբ կենսաձեւին, հայկականութիւնը այսօր կ՛եռայ Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ: Ինչ խօսք, որ ազգային այս նշանակալից եռքի շարունակականութեան եւ մնայնութեան մէջ Հայ Դպրոցը ոչ միայն իր եզակի, եւս առաւել՝ անփոխարինելի տեղն ու դերը, այլեւ նկատառելի կշիռն ու վաստակը ունի: Արժէքներ, որոնց կերտման ու հաստատման մէջ առաջին կարգի կու գան հայ տնօրէնին, ուսուցիչին եւ դաստիարակին տարիներու աշխատանքի քրտինքն ու ի գործ դրած բազում ջանքերը, որովհետեւ կը հաւատանք, որ ե՛ւ որպէս անհատներ, ե՛ւ որպէս հաւաքականութիւն, մենք կոչուած ենք տէրը դառնալու Հայ Դպրոցին, որպէսզի անոր տիրութիւնը վայելեն մեր զաւակներն ու թոռները:
Առ այդ, գիտակից ենք, որ իւրաքանչիւրիս ուսերուն դրուած է ծառայական վսեմ պարտաւորութիւն մը: Եւ այս պարտաւորութիւնն է, որ միաժամանակ մեզ կը մղէ, որ բանիւ ու գործով, այլեւ բարոյական մեր վերաբերումով եւ նուիրուածութեամբ նախանձախնդիր ըլլանք Հայ Դպրոցի գոյութեան եւ զայն անգամ մը եւս հռչակենք՝ Հայ Եկեղեցւոյ կողքին կանգնած ամենակարեւոր կռուան, մեր ժողովուրդի գոյատեւման ճամբուն վրայ եւ անոր յաւերժական երթին մէջ:
Ահա՛ այս խորհրդածութիւններով անգամ մը եւս կը շնորհաւորենք ձեր բոլորին տօնը եւ ձեզ կ՛անուանենք ծառայակից մեզի եւ լծակից մեր հաւաքական առաքելութեան:
Աղօթարար՝
Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան
Առաջնորդ ԱՄ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի