
ՖՐԵԶՆՕ․- Հայագիտական ուսմանց ընկերութիւնը (SAS) կը տեղեկացնէ, թէ Տին Վահան Շահինեան 25,000 տոլար նուիրեց ընկերակցութեան՝ աւելցնելով, որ գումարը պիտի տրամադրուի ընկերակցութեան մասնաժամ գործադիր քարտուղար մը գործի կանչելու նպատակին։
Իրաւաբան Տին Վահան Շահինեան ստանձնած է շարք մը պատասխանատու պաշտօններ, ներառեալ՝ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Դրամատնային յանձնախումբի բարձրաստիճան խորհրդականի պաշտօնը։
Հայագիտական ուսմանց ընկերութեան գործունէութեան մօտէն ծանօթանալու համար այցելել կայքը։