Վարազդատ Լալայեան
Արսէն ՄարտիրոսեանԼիանա Գիւրջեան Կարէն Աւագեան
Ֆինլանտայի մէջ, 3 Հոկտեմբերին աւարտած 23 տարեկանէն վար մարզիկներու Եւրոպայի Ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Վարազդատ Լալայեան 109 քլկ. դասակարգին մէջ ունեցաւ բացառիկ ելոյթ մը, հանդիսանալով Եւրոպայի ախոյեան` բարձրացնելով 447 քլկ. (206+241) եւ հաստատելով նոր մրցանիշ մը:
Հայաստան յաջողեցաւ նաեւ ոսկի մետալի տիրանալ 109 քլկ. դասակարգին մէջ, երբ Արսէն Մարտիրոսեան բարձրացուց 383 քլկ. (176+207):
Այսպիսով, տիրանալով 9 ոսկի, 2 արծաթ եւ 2 պրոնզ մետալներու՝ Հայաստան աւարտեց իր ելոյթները 20 եւ 23 տարեկաններէն վար ախոյեանութեան, գրաւելով մետալներու դասաւորման պարագլուխի դիրքը:
Նշենք, որ աւելի կանուխ, աշխարհի երիտասարդներու ախոյեան Լիանա Գիւրջեան (81 քլկ.) նուաճեց Եւրոպայի ծանրաբարձութեան մինչեւ 20 տարեկաններու երիտասարդական ախոյեանութեան ախոյեանի կոչումը: 19 տարեկան Գիւրջեան, որ 2019ին եւս հանդիսացած էր Եւրոպայի 20 տարեկանէն վար ախոյեան, երկամարտի մրցումներուն արձանագրեց 216 քlկ. (95+121) արդիւնք մը: Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Թուրքիոյ եւ Սլովաքիոյ ներկայացուցիչները:
20 տարեկանէն վար տղոց ախոյեանութեան, 81 քլկ. դասակարգին մէջ, 20 տարեկան Կարէն Մարգարեան, բարձրացնելով 330 քլկ. (153+177)՝ իր կարգին հանդիսացաւ ախոյեան:
Նոյն դասակարգին մէջ, 18 տարեկան Սուրէն Գրիգորեան, բարձրացնելով 328 քլկ. (145+186)՝ հանդիսացաւ Եւրոպայի փոխախոյեան:
Հայաստանի ծանրաբարձութեան հաւաքականի անդամ Կարէն Աւագեան հանդիսացաւ Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեանութեան ախոյեան: Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան 89 քլկ. դասակարգին մէջ, ան երկամարտի մրցումներուն բարձրացնելով 360 քլկ. (165 եւ 195), տիրացաւ ոսկի մետալին: