ԵՐԵՒԱՆ.- 28 Սեպտեմբերին, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան, անդամներ՝ Աննա Գրիգորեան, Արթուր Ղազինեան, Արամ Վարդեւանեան եւ Արթուր Խաչատրեան հանդիպում ունեցան Հայաստանի մօտ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի դեսպան Ճոն Քալաքերի հետ:
Օհանեան կարեւոր նկատեց հայ-բրիտանական յարաբերութիւններու զարգացումը եւ երկու պետութիւններուն միջեւ քաղաքական երկխօսութիւնը: «Երկկողմ եւ բազմակողմ յարաբերութիւնները նպաստում են միջազգային խորհրդարանական հարթակներում երկու երկրների պատուիրակութիւնների միջեւ արդիւնաւէտ համագործակցութեանը», ընդգծեց խմբակցութեան ղեկավարը:
Հանդիպման ընթացքին խորհրդարանականները խօսեցան պատերազմին իբրեւ արդիւնք երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակին, Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն եւ ճամբաներուն ապահովութեան մասին:
Անդրադարձ կատարուեցաւ 44օրեայ պատերազմին ընթացքին Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած յանցագործութիւններուն` մասնաւորապէս մարդոց եւ պատմամշակութային արժէքներու հանդէպ իրականացուող վայրագութիւններուն:
Յատուկ կերպով ընդգծուեցաւ միջազգային հանրութեան աջակցութեան կարեւորութիւնը գերիներու վերադարձին եւ անհետ կորսուածներու յայտնաբերման մէջ։
«Հայաստան» խմբակցութեան անդամները անդրադարձան դատաիրաւական համակարգի հարցերուն, ինչպէս նաեւ «Հայաստան» դաշինքի անդամներուն նկատմամբ իրականացուող քաղաքական հետապնդումներուն եւ շեշտեցին, որ անհիմն պատճառաբանութեամբ կը խոչընդոտուի խորհրդարանական պատուիրակութիւններուն մէջ ընդգրկուած «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներուն արտասահման այցելութիւնները:
Անդրադարձ կատարուեցաւ խորհրդարանին մէջ «Հայաստան» խմբակցութեան դերակատարութեան:
Զրուցակիցները քննարկեցին նաեւ այլ հարցեր: