ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ԶԱՅՆ ՊՈՅՔՈԹԻ ԵՆԹԱՐԿԵՑ
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ազգային ժողովը երկրորդ ընթերցումով վաւերացուց համայնքներու ընդարձակման նախագիծը, որմով կ՛առաջարկուի Հայաստանի 441 համայնքները համախմբել 37 համայնքային կազմերու մէջ:
Այս քայլին պատճառով համայնքապետարանները չեն փակուիր, այլ կը գործեն առնուազն 2 աշխատակիցներով:
Նախագիծին թեր քուէարկեցին 63 պատգամաւորներ, 0` դէմ, 0` ձեռնպահ:
«Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւորները չմասնակցեցան Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին` պոյքոթի ենթարկելով այս նախագիծը եւ զայն նկատելով ապօրինի ու սահմանադրութեան հակասող: