ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան պետական խորհրդանիշներուն դէմ ծաւալած մոլեգին պայքարը Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն եւ զինուած ուժերուն կողմէ հայերուն նկատմամբ ատելութեան վարքագիծի դրսեւորումն է։ «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ այս մասին գրած է Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան:
Ան կը յիշեցնէ, որ Գորիս-Կապան ճամբուն վրայ անչափահասներ տեղափոխող փոխադրակառքին վրայէն սուիններով Արցախի պետականութեան խորհրդանիշները մաքրելու դէպքը, Արցախի զանազան բնակավայրերէ եւ շինութիւններէ Արցախի դրօշը հեռացնելու պահանջները Արցախի մէջ ապրող հայերուն նկատմամբ ատրպէյճանցիներուն հանդուրժողականութեան ի սպառ բացակայութեան վառ օրինակներ են:
«Պէտք է նկատի ունենալ, որ Արցախի պետականութեան խորհրդանիշները մեր մշակութային արժէքների անբաժանելի մաս են կազմում, ուստի դրանց նկատմամբ անհանդուրժողականութիւնը եւս մէկ ապացոյցն է այն բանի, որ Ադրբեջանը համակարգուած պայքար է տանում Արցախում հայկական մշակութային արժէքների դէմ: Պետականութեան խորհրդանիշները Արցախի ժողովրդի` սեփական հայրենիքում ապրելու, ինքնութիւնը պահպանելու եւ ինքնորոշման իրաւունքի խորհրդանիշներն են, որոնց նկատմամբ ցանկացած ոտնձգութիւն ինքնին ուղղուած է մեր ժողովրդի արժանապատուութեան եւ իրաւունքների ընդհանուր համակարգի դէմ», կ՛ըսէ Գեղամ Ստեփանեան: