ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը Հինգշաբթի, 23 Սեպտեմբերին հանդիպում մը ունեցաւ Լոս Անճելըսի մօտ Լիբանանի ընդհանուր հիւպատոս Պեշիր Սաատ Սարգիսի հետ։
Հիւպատոսարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին Լիբանանի տնտեսական ճգնաժամին վերաբերող հարցեր եւ ապագայ գործակցութիւնը սերտացնելու կարելիութիւնները։
Հիւպատոսարան այցելած պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կեդրոնական կոմիտէի ատենապետ տոքթ. Քարմէն Օհանեան, Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահան Պզտիկեան եւ ՀՅԴի անդամներ Թորոս Յ. Քէչէճեան եւ Կարօ Էշկիեան։
ՀՅԴի պատուիրակութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի ժողովուրդին, որ տնտեսական սուր տագնապ կը դիմագրաւէ եւ յիշեցուց, թէ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ջանքերու ծիրին մէջ, Հայ Մշակութային հիմնարկութեան կողմէ վերջերս կազմակերպուած ձեռնարկի մը ընթացքին կարելի եղած էր աւելի քան 200,000 տոլար գոյացնել ի նպաստ լիբանանահայութեան։
Իր կարգին, հիւպատոս Սարգիս երախտագիտութիւն յայտնեց ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի մարմինին ցուցաբերած այս զօրակցութեան համար՝ նշելով, որ Լիբանանի հայութիւնը երկրին բաղադրիչ կարեւոր մասնիկներէն մէկն է։
Ան նաեւ մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց Լիբանանի յառաջիկայ ընտրութիւններուն մասին, շեշտելով Լիբանանի բոլոր քաղաքացիներուն մասնակցութիւնը ապահովելու կարեւորութիւնը եւ դրուատելով Արեւմտեան Ամերիկայի հայութեան մեծաթիւ մասնակցութիւնը նախորդ ընտրութիւններուն։
Սարգիս պատուիրակութենէն երաշխքիներ ստացաւ, որ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն իր կարելին պիտի ընէ յառաջիկայ ընտրութիւններուն եւս հայութեան մեծաթիւ մասնակցութիւնը ապահովելու գծով։
ՀՅԴի պատուիրակութիւնը նաեւ հիւպատոսին տեղեկութիւներ փոխանցեց Ատրպէյճանի կողմէ գերի պահուող եւ 20 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած լիբանանահայ Վիգէն Էօլճեքճեանի ճակատագիրին մասին՝ շեշտելով, որ Ատրպէյճանի կողմէ գերի պահուող բոլոր ռազմագերիներու ազատ արձակման ապահովումը ՀՅԴ Արեւտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն առաջնահերթ կարեւորութիւն ներկայացնող հարցերէն մէկն է։