«Յարատեւող ճիգին առջեւ,
Չկայ բան մը, որ դիմանայ,
Դժուարը դիւրին,
Անկարելին հնարաւոր կը դառնայ»
Ռէթէոս Պէրպէրեան
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
Շաբաթ, 11 Սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10ին, Կլենտէյլի մէջ գործող Իրաքահայերու Հայ ընտանեկան միութեան շաբաթօրեայ վարժարանի շէնքը կը վխտար մեր դպրոցի սիրուած փոքրիկներով, անոնց ծնողներով եւ տատիկ-պապիկներով:
Անցեալ տարեշրջանին, պսակաձեւ ժահրին պատճառաւ, պետութեան կողմէ արգիլուած էր ֆիզիքապէս դասարաններու մէջ դաս տալ: Ար այդ, մեր դպրոցի ժրաջան տնօրէնութիւնը հեռակայ՝ Zoom-ով, դասաւանդեց լման տարեշրջան մը:
Այս տարի մասամբ մեղմացած ըլլալով այդ համաճարակը, որոշ պայմաններու տակ Քալիֆորնիոյ դպրոցները սկսան գործել:
Այդ օր, աշակերտութիւնը եւ ծնողները մէկ սիրալիր ընտանիքի մը նման բոլորն ալ մեծ ուրախութեամբ դպրոց եկան, իւրաքանչիւրին ձեռքին ծաղկեփունջեր, խմորեղէն եւ քաղցրեղէն՝ իրենց թանկագին տնօրէնուհիին եւ ուսուցչուհիներուն համար:
Վարժարանի ժրաջան տնօրէնուհի Անահիտ Խաչատուրեանի բարի գալուստի, բացման եւ դպրոցի կրթաշրջանին մասին շատ հակիրճ խօսքէն ետք, խօսք առին դպրոցի հիմնադիր եւ ներկայիս պատասխանատու Խաչիկ Ճանոյեան եւ միութեան ատենապետուհի տոքթ. Մարալ Անճարկօղլեան. երկու պատասխանատուները շնորհաւորեցին ծնողները եւ գնահատեցին մեր դպրոցի տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական կազմը, մաղթելով բոլորին անփորձանք եւ արդիւնաւոր կրթական տարի մը:
Աշակերտնեռը եւ բոլոր ծնողները միաբերան Տէրունական աղօթքը արտասանեցին, ապա իւրաքաչիւր ուսուցչուհի խօսք առնելով՝ բարի գալուստ մաղթեց իր դասարանի աշակերտներուն:
Այս տարի դպրոցը ունի 80 աշակերտ-աշակերտուհիներ, իսկ առաւել քան 60 պզտիկներ սպասման ցանկին վրայ են, տեղի չգոյութեան եւ դասարաններուն մէջ սահմանափակ աշակերտներ ընդունելու պարտաւորութեան պատճառաւ:
Այս վարժարանը քառասուներեք տարիներ գործելով՝ ունեցած է աւելի քան 1800 փոքրիկներ, որոնք անվճառ հայերէն գրել, կարդալ, երգ եւ ասմունք կը սորվին: Դպրոցը միայն արձանագրութեան գումար մը կը գանձէ, իսկ բոլոր ուսուցչուհիները կամաւոր են եւ բոլորն ալ Հայաստանէն եւ Միջին Արեւելքէն բարձրագոյն վկայականներ ունին:
Բարի երթ, կանաչ ճանապարհ եւ անամպ երկինք կը մաղթենք դպրոցի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան: