ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան 23 Սեպտեմբերին ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, Եւրոպական Միութեան դեսպան Անտրէա Վիքթորինը:
Սիմոնեան նշեց, որ Եւրոպական Միութեան հետ գործընկերութեան զարգացումը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնային ուղղութիւններէն է: Ըստ անոր՝ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ ձեւաւորուած է «Եւրանեսթ» խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Ազգային ժողովի պատուիրակութիւնը, իսկ Եւրոպական Միութեան-Հայաստան խորհրդարանական գործընկերութեան կոմիտէի Ազգային ժողովի պատուիրակութիւնը ձեւաւորման փուլին մէջ է:
Խորհրդարանի ղեկավարը երախտագիտութիւն յայտնեց Եւրոպական Միութեան կողմէ տրամադրուող աջակցութեան համար (2.6 միլիառ եուրօ)՝ շեշտելով, որ անիկա կը վերաբերի շարք մը ուղենշային նախաձեռնութիւններու:
Կողմերը անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ներկայ փուլին. Անտրէա Վիքթորին շեշտեց, որ հարցին լուծումը պէտք է ըլլայ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանիին տակ: Այս պարունակին մէջ քննարկուեցան տարածաշրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման հարցեր: Անդրադարձ կատարուեցաւ ատրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումներուն կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ իրականացուող սադրիչ գործողութիւններուն: