Չորեքշաբթի, 15 Սեպտեմբերին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը հայրենի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի, որ այս օրերուն Լոս Անճելըս կը գտնուի ներկայ ըլլալու համար «Դրախտի Դարպաս» (“Gate to Heaven”) խորագրեալ իր նոր՝ արցախեան քառօրեայ պատերազմի օրերէն քաղուած դրուագի մը պատումը կատարող, ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութեան:
Այս առիթով, բեմադրիչ Աւետիսեան պաշտօնապէս հրաւիրեց առաջնորդ սրբազան հայրը՝ «Դրախտի Դարպաս»ի առաջին ցուցադրութեան:
Վերոնշեալ հանդիպման ներկայ էին նաեւ Գարեգին քհնյ. Պետուրեան եւ հայրենի բեմադրիչի անձնակազմէն անդամներ Նարինէ Ոսկանեան եւ Ատրինէ Միրզայեան:
Տեսակցութեան ընթացքին, առաջնորդ սրբազան հայրը բարձր գնահատեց բեմադրիչ Աւետիսեանի՝ եօթներորդ արուեստի բնագաըառին մէջ արձանագրած յաջողութիւնները: Յատկապէս դրուատանքով արտայայտուեցաւ հայրենի բեմադրիչին՝ միջազգային ֆիլմարուեստի ոլորտին մէջ հայկականը ու ի մասնաւորի Արցախը, հայոց պատմութիւնը եւ հայկական քաղաքակրթութիւնը ի ցոյց հանելու անոր մասնագիտական ճիգին մասին:
Զրոյցը ընդգրկեց նաեւ հայրենի ներկայ իրավիճակին եւ Արցախի յետ-պատերազմեան առօրեայի մասին անդրադարձներ: Բեմադրիչ Աւետիսեան պատմեց իր անձնական փորձառութիւններէն եւ սրբազան հօր փոխանցեց հայոց բանակի մեծ թիւով զինուորներու՝ վերջին պատերազմի օրերուն եւ անկէ ետք կրած ֆիզիքական եւ հոգեբանական վնասներուն մասին: Դառն իրականութեան լոյսին տակ, առաջնորդ սրբազան հայրը յոյս յայտնեց, որ «Դրախտի Դարպաս»ին միջոցաւ լոյսի նոր շող մը արձակուի ոչ միայն Արցախի եւ արցախահայութեան, այլեւ համայն հայութեան վրայ:
Հանդիպման աւարտին հայրենի բեմադրիչը առաջնորդ սրբազան հօր ուղղեց երախտիքի ջերմ խօսքեր, Ազգային առաջնորդարանին կողմէ իրեն ցուցաբերուած աջակցութեան համար եւ ներկայացուց յառաջիկայ օրերուն շրջանին մէջ իրագործելիք իր ծրագիրները: