ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր»․- ««ՍՈՔԱՐ»ը (Ատրպէյճանի քարիւղի պետական ընկերութիւնը) կը կրէ յատուկ ընկերային պատասխանատուութիւն: Ընկերութիւնը զանազան տարածաշրջաններու մէջ բազմաթիւ ընկերային ծրագիրներ իրագործած է մեր բնակչութեան համար, եւ այսօր ասիկա անոր հաստատումն է», ըսաւ Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի` խօսք արտասանելով Մառնէուլի շրջանի Քիզիլաճլօ գիւղին մէջ նոր մարզահամալիրի բացման արարողութեան ընթացքին, շնորհակալութիւն յայտնելով Վրաստանի մէջ ընկերութեան հարիւր միլիոնաւոր տոլարներու ներդրումներուն համար:
«Ատրպէյճան մեզի համար ոչ միայն դրացի է, այլ նաեւ մենք ռազմավարական գործընկերներ ենք», աւելցուց Ղարիպաշվիլի։