ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ շարունակելու աշխատանքը՝ յետ-պատերազմեան հետեւանքները յաղթահարելու համար: Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած շրջանները այցելութեան ընթացքին ըսաւ Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերու Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար:
«30 տարիներու տագնապը խոր սպիներ ձգած է: Մեկնելով անկէ, ինչ որ մենք կը լսենք, պէտք է հասկնալ, որ պատերազմը սարսափելի բան է: Սակայն նաեւ պէտք է նայիլ ապագային: Եւ Եւրոպական Միութիւնը ատոր օրինակն է«, յայտնեց Քլաար:
Ըստ անոր՝ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին ներկայացնելու պատերազմի հետեւանքները յաղթահարելու փորձառութիւնը: «Պատրաստ ենք Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ աշխատելու` աւելի լաւ, այլ ապագայ գտնելու գործին մէջ օգնելու համարՄ, աւելցուց Քլաար: