ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի մօտ Իրանի դեսպան սէյիտ Ապպաս Մուսաւի հանդիպում ունեցաւ Ազրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆայեւի հետ: Ատրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը տեղեկացնէ, որ այս մասին հաղորդած է Ատրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպանատան մամլոյ ծառայութիւնը:
Կը հաղորդուի, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանի զարգացումները, յատկապէս Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանամերձ գօտիներու մէջ տիրող կացութիւնը եւ Գորիս-Կապան ճամբու փոխադրամիջոցներու նոր պայմանները, ինչպէս նաեւ այլ հարցեր: