15 Սեպտեմբերին, հոգելոյս Հրանդ Տինքի ծննդեան տարեդարձն էր: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի ալ նահատակեալ լրագրողը ոգեկոչուեցաւ բիւր յարգանքով: Հրանդ Տինքի դէմ կատարուած ոճրագործութենէն ի վեր, ամէն տարի ան կ՛ոգեկոչուի զանազան ձեռնարկներով: Անոնցմէ ոմանք տարեկան պարբերակով կը կազմակերպուին եւ անոնց գլխաւորներէն մին է 15 Սեպտեմբերին` իր ծննդեան օրով նախատեսուածը: Ընդհանուրին մէջ, այդ բոլոր ոգեկոչումները յաւերժութեան, անմահութեան ճանապարհին վրայ կ՛ամրապնդեն բարեյիշատակ ու նահատակեալ լրագրողը:
«Հրանդ Տինք» հիմնարկի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ այս տարուան համանուն մրցանակաբաշխութիւնը, որ կազմակերպուեցաւ 13րդ անգամ: Միջազգային մրցանակի դափնեկիրներուն անունները հրապարակուեցան առցանց ձեռնարկով մը: Այսպէս, այս տարուան մրցանակակիրները եղան Ճանան Արըն եւ Մարիա Ռեսսա: Ճանան Արըն Թուրքիոյ մէջ յամառ պայքար կը մղէ կանանց ուղղեալ բռնութիւններու դէմ: Ան այդ պայքարը կ՛իրականացնէ իրաւունքի շրջանակին մէջ, գիտական աշխատութիւններու ու տուեալներու հիման վրայ, անաչառ ու քաղաքական բեւեռացումներէ հեռու մնալով: Իսկ լրագրող Մարիա Ռեսսա Ֆիլիփինի մէջ մամլոյ ազատութիւնը կը պաշտպանէ` բարդ ու վտանգաւոր քաղաքական պայմաններու մէջ:
Պարգեւաբաշխման ձեռնարկը հիւրընկալեց Տինքի անունով կոչուած յիշողութեան վայրը, որ իր կողմէ հիմնուած «Ակօս» շաբաթաթերթի նախկին խմբագրատունն է: Հիմնարկին անունով ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Տինքի այրին` Ռաքել Տինք: Այս առթիւ ան ընդգծեց, որ հիմնարկը կողմ է զօրակցութեան, բարութեան, հաւասարութեան եւ արդարութեան, բնութեան, շրջապատի եւ մարդու ապրելու իրաւունքին:
Ելոյթով մըն ալ հանդէս եկաւ Amnesty International իրաւապաշտպան կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Ակնէս Քալամար, որ ամփոփեց մարդու իրաւանց բնագաւառի անցեալ տարուայ իրադարձութիւնները: Ան շեշտեց, որ բազմաթիւ մարդոց պայքարը կը խոչընդոտուի, սակայն, իրենց մեծագոյն պարտականութիւնը կը համարուի` ճշմարտութեան բարձրաձայնումը:
Յայտագիրին մաս կազմեցին նաեւ երաժշտական կատարումներ:
«ԺԱՄԱՆԱԿ»