Շաբաթ, 18 Սեպտեմբերին, Արամ Ա. կաթողիկոսը Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանը, որուն կ՛ընկերակցէր Միութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Ժերար Թիւֆէնքճեան։
Աւելի քան երկու ժամ տեւած հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ լայն քննարկումի ենթարկելու Լիբանանին եւ Հայաստանին վերաբերող կարգ մը այժմէական հարցեր։ Այս ծիրին մէջ, յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն դիմաց կանգնող մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ Սփիւռքը վերակազմակերպելու հրամայականին։