Հովանաւորութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին եւ գործակցաբար «Այնճար Արթ Կալըրի»ին եւ այնճարցի արուեստագէտներու, Շաբաթ, 11 Սեպտեմբերի երեկոյեան, «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ աննախընթաց յղաղական արուեստի եւ կենդանի ներկայացումներու երեկոն:
Մասնակցող արուեստագէտներն էին` Գօգօ Կարապետ, Կարպիս Քէնտիրճեան, Նանոր Հաճեան, Կարինէ Շաննաքեան, Սիրուն Սարեան, Սեւատա Անտոնեան, Վարանդ Քէշիշեան, Րաֆֆի Անտոնեան եւ Վարանդ Մեթլեան, որոնք ներկայացուցին զանազան տեսակի գեղանկարչական կենդանի կատարումներ` զանազան տեսակի արուեստներու ընդմէջէն (գեղանկարչութիւն, կենցաղային յարդարանքներ, ջրաներկ եւ այլ տեսակի արուեստի գործեր):
Ներկաները հիացումով իրենց գնահատանքը եւ քաջալերանքը արտայայտեցին արուեստագէտներուն: