ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Անկախութեան տօնին առիթով, պատգամաւորները պարգեւատրուեցան`Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի որոշումով:
Իւրաքանչիւր պատգամաւորի դրամատնային հաշիւին փոխանցուեցաւ 381 հազար 420 դրամ, Ազգային ժողովի նախագահութիւնը, խմբակցութիւններու ղեկավարները եւ յանձնաժողովներու նախագահներուն` աւելի շատ:
«Հայաստան» խմբակցութիւնը մերժեց պարգեւավճարը:
«Այսօր, երբ հարիւրաւոր անհետ կորածներ եւ չգտնուած աճիւններ ունենք, երբ հազարաւոր որդեկորոյս ծնողներ չեն կարողանում յաղթահարել իրենց ցաւը եւ վիշտը, երբ մեր բազմահազար քաղաքացիներ չեն կարողանում ստանալ անհրաժեշտ բուժօգնութիւն առողջապահութեան պետպատուերի գումարների սպառման պատճառով, այս իշխանութիւնը, քաղաքացիների խնդիրները մի կողմ թողած, լծուած են գունագեղ տօնակատարութիւններ կազմակերպելու եւ պարգեւատրումների գործին: «Հայաստան» խմբակցութիւնը խստագոյնս դատապարտում է գործող վարչախմբի գործելաոճը: Խմբակցութիւնը չափազանց կարեւորում է ազգային արժանապատուութիւնը եւ յատկապէս խոցուած ինքնիշխանութեան պայմաններում անկախութեան օրուայ կապակցութեամբ պատգամաւորներին տրուող պարգեւատրումները գնահատում է վիրաւորանք ՀՀ քաղաքացուն: Հաշուի առնելով, որ մենք այդ որոշումը համարում ենք ապօրինի, ինչպէս նաեւ այն, որ այն տարածւում է նաեւ մեր խմբակցութեան պատգամաւորների վրայ, յայտարարում ենք, որ մենք չենք օգտագործելու այդ միջոցները, միաժամանակ պարգեւավճարների օրինականութիւնը վիճարկելու ենք դատարանում: Բացի դրանից` կատարուածին քրէաիրաւական գնահատական տալու նպատակով դիմելու ենք իրաւապահ մարմիններին», կ՛ըսուի «Հայաստան» խմբակցութեան յայտարարութեան մէջ:
Ազգային ժողովի նախագահի որոշումին մասին, նախքան անոր ուժի մէջ մտնելը, տեղեակ չէ եղած նոյնիսկ փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան, որ իր կարգին անընդունելի եւ դատապարտելի նկատեց այս քայլը, յատկապէս երբ Հայաստանի մէջ կան մեծ թիւով ընկերային հարցեր, առաւել քան 10 հազար վիրաւորներ, հաշմանդամներ, եւ այս պայմաններուն մէջ պետական պաշտօնատար անձեր, որոնց կարգին պատգամաւորները, կը շարունակեն պարգեւավճարներ ստանալ։
Սաղաթէլեան նշեց, որ բոլոր միջոցները կա՛մ կը վերադարձուին պետական պիւտճէ, կամ ալ կը տրամադրուին սահմանամերձ համայնքներուն` այս կամ այն կարեւոր հարցին վերաբերող ծրագիր իրականացնելու համար։ «Մեր երկրում ճգնաժամը անվտանգութեան յաղթահարուած չէ եւ ունենում է նորանոր դրսեւորումներ եւ շաբաթուայ կարեւոր ու գլխաւոր թեման` Գորիս-Կապան ռազմավարական եւ ստրատեգիական ճանապարհում ադրբեջանական կողմից ոստիկանական անցակէտի տեղադրումն է», շեշտեց Սաղաթէլեան։
«Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւնը իր կարգին յայտարարեց, որ ստացած պարգեւավճարները պիտի հրամադրէ Հայաստանի ընկերային հարցերու լուծման:
Նոյն խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Վանեցեան իբրեւ պարգեւավճար ստացած 365 հազար դրամը փոխանցեց զինուորներու բուժման՝ «Զինուորի տուն վերականգնողական կենտրոն»ին։
Պարգեւավճարներուն դէմ արտայայտուող ընդդիմադիրներուն ուղղելով իր խօսքը՝ իշխանական պատգամաւոր Հերիքնազ Տիգրանեան նշեց, թէ միայն պատգամաւորները չէ, որ կը քաջալերուին եւ պարգեւներ կը ստանան, հանրային ծառայողները, ամբողջ պետական համակարգը այդ ցանկին մէջ է։