ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Ատրպէյճանական զինուժը Արցախի Հանրապետութեան արեւմտեան հատուածին մէջ, 17 Սեպտեմբերի կէսօրուան ժամը 12:30ի շուրջ, անգամ մը եւս խախտեց զինադադարի պահպանման դրութիւնը, որուն պատճառով վիրաւորուեցաւ պաշտպանութեան բանակի զինուորական ծառայող, շարքային Վրոյր Վարդանի Շահրամանեան։ Այս մասին յայտնեց Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Միջադէպին առնչութեամբ համապատասխան տեղեկատուութիւն տրամադրեց ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.