ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Կարծես հայերը այս օրերուն քիչ հարցեր ունէին Արցախի աղէտալի զարգացումներուն պատճառաւ, հիմա ալ, Սփիւռքի մէջ, նոր վէճի մը առջեւ կը գտնուինք: Ես տասնեակ հեռաձայններ եւ նամակներ ստացայ զանազան երկիրներ ապրող հայերէ, որոնք ինծի տեղեկութիւններ փոխանցեցին Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին մէջ հասունցող նոր հարցի մը մասին: Յայտնի են կցկտուր մանրամասնութիւններ, եւ Երուսաղէմէն հետս կապ հաստատած հայերը խնդրեցին ինձմէ, որ չբացայայտեմ իրենց անունները՝ վախնալով կա՛մ պատրիարքարանին տրամադրած բնակարաններէն դուրս դրուելէն, կա՛մ ժխտական ուրիշ հակազդեցութենէ մը:
Խօսքը հողակտորի մը մասին է, որ վերջերս պատրիարքարանը վարձու տուած է Աւստրալիայէն եկած հրեայ գործարարի մը: Ես կապ հաստատեցի այն երեք հոգեւորականներուն հետ, որոնք նշուած էին՝ իբրեւ այս գործարքը պատրիարքարանին անունով հաստատողներ:
Նախ, ես նամակ յղեցի Նուրհան պատրիարք Մանուկեանին՝ խնդրելով պայմանագիրին պատճէնը, սակայն, դժբախտաբար, ան չարձագանգեց: Այնուհետեւ հեռաձայնեցի պատրիարքարանի լուսարարապետ Սեւան արքեպիսկոպոս Ղարիպեանին, որ դժկամութիւն ցուցաբերեց հետս քննարկելու այս հարցը: Անանուն աղբիւրէ մը ինծի ըսուեցաւ, որ Ղարիպեան արքեպիսկոպոսի վրայ ճնշում գործադրուած է՝ պայմանագիրը հաստատելու համար: Քիչ անց հեռաձայնեցի պատրիարքարանի անշարժ գոյքի բաժինի տնօրէն հայր Պարեթ Երէցեանին, որ հաստատեց գործարքը եւ որոշ մանրամասնութիւններ ներկայացուց: Այս երեք հոգեւորականները, որոնք պատրիարքարանին՝ ութ հոգիէ բաղկացած Սուրբ Սինոտի (տնօրէն ժողով) փոքրամասնութիւնն էին, հաստատած էին վարձակալութիւնը: Անանուն աղբիւրը կ՛ենթադրէր, որ պատրիարքարանի Սրբոց Յակովբեանց ամբողջ եղբայրութիւնը պէտք է հանդիպում ունենար, որպէսզի պայմանագիրը վերանայէր:
Հայր Երէցեան յայտարարեց, որ քանի մը առաջարկներ եղած են արաբական տարբեր երկիրներ ապրող զանազան քաղաքացիներու կողմէ՝ վարձելու համար պատրիարքարանին պատկանող տուեալ կալուածը: Այսուամենայնիւ, ինչպէս ան յայտնեց, ամէնէն շահաւէտ առաջարկը ներկայացուցած է աւստրալացի հրեայ գործարար Տենի Ռուպենշթէյնը:
Չբացայայտելով վարձակալութեան գումարի չափը՝ հայր Երէցեան հաստատեց, որ պատրիարքարանը կանխավճար ստացած է գործարարէն: Անանուն աղբիւրը նաեւ տեղեկացուց ինծի, որ կանխավճարը կազմած է մէկ միլիոն տոլար: Հայր Երէցեան աւելցուց, որ աւստրալացի գործարարը կը նախատեսէ այդ կալուածին վրայ կառուցել եօթը աստղանի շքեղ պանդոկ, որուն տարեկան եկամուտին մէկ մասը պիտի փոխանցուի պատրիարքարանին: Թէեւ անանուն աղբիւրէն շրջանառուող տեղեկատուութիւն մը կը նշէր, որ վարձակալութեան իբրեւ ժամկէտ նշուած է 99 տարի, հայր Երէցեան ինծի ըսաւ, որ վարձակալութիւնը իրականութեան մէջ 98 տարիով է: Այսպիսի երկարաժամկէտ վարձակալութիւն մը շատերուն կը ստիպէ ենթադրել, որ պատրիարքարանը երբեք պիտի չվերստանայ այդ կալուածը: Ի պատասխան այս հարցին՝ հայր Երէցեան չհամաձայնելով պնդեց, որ աւստրալացի գործարարը վարձակալութեան աւարտէն ետք պարտաւոր է կալուածը վերադարձնել պատրիարքարանին՝ վրան կառուցուած թանկարժէք պանդոկին հետ: Ասիկա հարց մըն է, զոր կարելի է պարզել միայն մէկ դար ետք:
Պատրիարքարանին կողմէ նախապէս եւս այլ կալուածներու համար ստորագրուած են նման վարձակալական երկարաժամկէտ պայմանագիրներ՝ նոյն առարկութիւններով:
Վիճարկուող կալուածը կը կոչուի «Կովերու պարտէզ», որ կը գտնուի պատմական Սիոն լերան վրայ, Երուսաղէմի հայկական թաղամասի հարաւ-արեւմտեան անկիւնը: Քանի մը ամիս առաջ պատրիարքարանը պայմանագիր կնքած էր Երուսաղէմի քաղաքապետարանին հետ՝ նոյն կալուածը օգտագործելու համար իբրեւ քաղաքապետարանի միջոցներուն հաշւոյն վերանորոգուող ինքնաշարժներու կանգառ, իսկ մէկ մասն ալ՝ տեղւոյն հրեայ բնակիչներու ինքնաշարժները կանգնեցնելու համար: Այն ատեն պատրիարքարանը յայտարարութիւն տարածած էր` ըսելով, որ այս հողին արժէքը կը գերազանցէ 2 միլիոն տոլարը: Հայր Երէցեան ինծի փոխանցեց, թէ աւստրալացի գործարարին հետ նոր վարձակալութիւնը կոչուած է փոխարինելու քաղաքապետարանին հետ աւելի կանուխ ձեռք բերուած պայմանագիրը: Այլ աղբիւրներ ալ ինծի ըսին, թէ նոր համաձայնագիրը նաեւ ստորագրուած է՝ առանց Հայոց պատրիարքարանի Սուրբ Սինոտի կամ Սրբոց Յակովբեանց եղբայրութեան կողմէ ամբողջական հաստատման:
Նախապէս եղած են վէճեր, երբ պատրիարքարանի անդամները վարձու տուած են այլ կալուածներ կամ փորձած են Լոնտոնի Սոթպի աճուրդին մէջ ծախել արխիւներէ գողցուած թանկարժէք ձեռագիրներ: Իրավիճակը ներկայիս կը սրի, որովհետեւ Իսրայէլի մէջ անհատներու, ընկերութիւններու կամ կառավարութեան՝ հայկական որեւէ գոյք ծախելը կամ վարձու տալը կ՛արժանանայ պաղեստինցիներու դատապարտման: Պաղեստինցիները նման գործարքներ կը դիտեն իբրեւ Իսրայէլի ներկայութեան ընդլայնում՝ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ: Ինծի ըսուեցաւ, որ Պաղեստինի ինքնավարութիւնը պաշտօնական բողոքի նամակ յղած է Հայոց պատրիարքարան` այս կալուածի վարձակալութեան առթիւ: Սակայն, հայր Երէցեան հերքեց նման հաղորդագրութեան մը ստացումը:
Յստակ փաստերու եւ իսկական փաստաթուղթերու պատճէններու բացակայութեան պարագային, դժուար է որեւէ յստակ եզրակացութեան մը յանգիլ: Թափանցիկութիւն ապահովելու համար, պատրիարքարանը պէտք է հրապարակէ «Կովերու պարտէզ» կալուածի վարձակալութեան պայմանագիրին պատճէնը՝ բացայայտելով անոր պայմանները: Առանց նման բացայայտման, դժուար պիտի ըլլայ դատել այս պայմանագիրին առաւելութիւններուն կամ թերութիւններուն մասին:
Եթէ պատրիարքարանը այսպիսի գործարքներով կը զբաղի իր գործունէութեան վարչական ծախսերը հոգալու համար, ապա այս առումով օգտակար պիտի ըլլայ պատրիարքարանի տարեկան եկամուտներու եւ ծախսերու հաշուետուութեան հրապարակումը, որպէսզի բոլորը տեսնեն, թէ արդեօք պատրիարքարանը ունի՞ եկամուտի խիստ կարիք, թէ ոչ: Եթէ պատրիարքարանը իսկապէս կը գտնուի նիւթապէս յուսահատ վիճակի մէջ, ապա այսպիսի զեկոյց մը կրնայ խրախուսել աշխարհասփիւռ բարերարներ՝ նուիրատուութիւններ ընելու պատրիարքարանին եւ այդպիսով ջնջելու լրացուցիչ արժէքաւոր հողամասեր ծախելու կամ վարձու տալու անհրաժեշտութիւնը:
Վերջապէս, նախապէս ստեղծուած էր ժամանակաւոր անկախ յանձնախումբ մը, որ պէտք էր վերահսկէր պատրիարքարանի վարչական գործերը: Այս պահը կրնայ ճիշդ ժամանակը ըլլալ մնայում հիմքերով նման յանձնախումբ մը ստեղծելու համար։ Վերահսկող յանձնախումբի հաւաստի զեկոյցները վերջ կրնան տալ հայ համայնքներու մէջ պատրիարքարանի գործերուն մասին շրջան ընող պառակտիչ լուրերուն եւ ըսի-ըսաւներուն:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ