ԹԵԼ ԱՒԻՒ.- Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը հաղորդեց, որ վեց պաղեստինցի գերիներ յաջողեցան Երկուշաբթի օր փախուստ տալ բռնագրաւեալ Պիսան քաղաքին մօտ գտնուող «Ժալպուհ» բանտէն, որ ըստ օրաթերթին, կը նկատուի իսրայէլեան բանտերուն խստագոյնը:
Իսրայէլ յայտարարեց, որ ոստիկանութիւնը ընդհանուր զօրակոչի ենթարկուած է եւ կը փնտռէ փախուստ տուած գերիները` խուզարկելով Արեւմտեան Ափի հիւսիսային եւ Յորդանանի մօտիկ եղող գիւղերը եւ գիւղաքաղաքները:
Պաղեստինցիները յաջողած են փապուղի մը փորել` խոյս տալու համար բանտէն: