ՊԱՔՈՒ․- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բողոքագիր մը յղած է Մոսկուայի իշխանութիւններուն, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութեան մէջ «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն» եզրը օգտագործելուն համար:
Ատրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապտուլայեւա նշեց հետեւեալը. «Այս հարցով Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանագիտական խողովակներով անյապաղ բողոք յղուած է ռուսական կողմին: Նշուած է, որ նման ապատեղեկատուութիւն չի համապատասխաներ երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամութեան եւ համագործակցութեան ոգիին: Ռուսական կողմը ընդգծած է, որ անիկա թեքնիք սխալ եղած է, եւ համապատասխան քայլեր պիտի ձեռնարկուին` զայն ջնջելու համար: Ինչպէս նաեւ, ապագային նման հարցերու ուշադիր պիտի վերաբերին»: