ՓԱՐԻԶ, «Ա.Էֆ.Փէ.»․- Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Իրանի իր պաշտօնակից Իպրահիմ Ռայիսիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին կոչ ըրաւ՝ զարգացնելու երկու պետութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնները:
Մաքրոն Ռայիսիի հետ զրոյցին ընթացքին մատնանշեց Իրանի եւ Ֆրանսայի միջեւ համագործակցութեան զարգացման եւ խորացման անհրաժեշտութիւնը: Ան նաեւ կոչ ըրաւ՝ վերատեսութեան ենթարկելու երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները:
Ռայիսի «ողջունեց Ֆրանսայի նախագահին առաջարկը»: