ՄՈՍԿՈՒԱ.- Խրիմի պատկանելիութեան հարցը չի կրնար Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ ղեկավարներու քննարկման նիւթ ըլլալ, ըսաւ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
«Փաստը այն է, որ մեզի համար Խրիմի նիւթ գոյութիւն չունի: Եւ, ինչպէս մեզի կ՛ըսեն Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակին մէջ, Քիեւ կ՛ուզէ քննարկել Խրիմը: Խրիմը` նայած որ տեսանկիւնէն: Վստահաբար, ոչ այն տեսանկիւնէն, որ անիկա Ռուսիոյ մարզ է», ըսած է Փեսքով:
«Հետեւաբար, առայժմ այս առումով կարելի չէ յ առաջ շարժիլ: Ինչպէս կ՛ըսեն` «սայլը տակաւին նոյն տեղն է»», ըսաւ Ռուսիոյ նախագահի բանբերը: