
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 1 Սեպտեմբեր 2021ին, Արցախի դպրոցներուն մէջ առաջին դասարան սկսան յաճախել 1903 աշակերտներ, որոնցմէ 1003ը` Ստեփանակերտի մէջ:
Այս մասին «Ապառաժ»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Միքայէլ Համբարձումեան: Նախորդ տարուան հետ բաղդատած՝ առաջին դասարանցիներուն թիւը նուազած է շուրջ 20 տոկոսով:
Արցախի Հանրապետութեան վերահսկողութեան տակ մնացած 108 դպրոցներէն 106ին մէջ հնչեց առաջին զանգը:
«Յանձնուած տարածքներում գործում էր 109 դպրոց, իսկ մեր վերահսկողութեան տակ մնացած տարածքներում չեն գործում Բերձորի երկու դպրոցները, Ներքին Սուսի, Փառուխի, Սզնեքի դպրոցները: Քաշաթաղի շրջանում միայն Աղաւնոյի դպրոցն է աշխատում, իսկ Շահումեանի շրջանում` Ակնաբերդի դպրոցը», ըսաւ Համբարձումեան:
Փոխնախարարը նշեց, որ տեղահանուած առաջին դասարանցիներուն յատկացուեցաւ 20,000ական դրամ: Իսկ Արցախի մէջ առաջին դասարան յաճախող աշակերտներուն համար «Կարմիր Խաչ»ին կողմէ պայուսակներ տրամադրուեցան: Ան դժուարացաւ նշել տեղահանուած առաջին դասարանցիներու յստակ թիւը, որովհետեւ բոլոր շրջաններէն տակաւին համապատասխան տեղեկատուութիւնը տակաւին չեն ստացած:
Անդրադառնալով բռնագրաւուած տարածքներու ուսուցիչներուն՝ Մ. Համբարձումեան դիտել տուաւ, թէ այդ ուսումնական հաստատութիւնները լուծարուած չեն, ուսուցիչները մինչեւ Դեկտեմբեր 2021 պիտի ստանան աշխատավարձի 50 տոկոսի չափով փոխհատուցում: «1619 ուսուցիչ է հարկադիր պարապուրդի պատճառով մնացել առանց աշխատանքի, բայց նրանցից տարբեր տեղեր մօտ 120 հոգի աշխատանքի է ընդունուել, բնականաբար այդ թիւը հարց չի լուծում», յայտնեց փոխնախարարը` աւելցնելով, որ տեղահանուած ուսուցիչներուն մեծ մասը կը գտնուի Հայաստան։