ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող Արցախի Հադրութի շրջանի Մեծ Թաղեր գիւղի Մակուն կամուրջը քանդուած է ատրպէյճանցիներուն կողմէ: Այս մասին ահազանգեց Կովկասեան ժառանգութեան պաշտպանութեան միջազգային կազմակերպութիւնը (Caucasus Heritage Watch):
Կազմակերպութիւնը հրապարակեց արբանեակային լուսանկար մը` ցոյց տալով, որ կամուրջը աւերուած է 8 Ապրիլէն 7 Յուլիսի միջեւ։