Միջին Արեւելքի զանազան քաղաքներու եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու թեմերու մէջ ծառայութիւն կատարող Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները Սեպտեմբերին հրաւիրուած են Հռոմ` ընտրելու համար Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ յաջորդ պատրիարքը, որ պիտի փոխարինէ Մայիսին վախճանած Գրիգոր Պետրոս Ի. պատրիարքը:
Ըստ Vaticannews-ի՝ այս մասին յայտնած է Հալէպի հայ կաթողիկէներու առաջնորդ եւ Տանն Կիլիկիոյ հայոց պատրիարքութեան թափուր աթոռի կառավարիչ Պետրոս արք. Միրիաթեան:
22 Յունիսին, Զմմառի մէջ կարելի չէր եղած պատրիարք ընտրել, որովհետեւ թեկնածուներէն ոեւէ մէկը չէր կրցած հաւաքել ձայներու երկու երրորդը, ինչպէս նախատեսուած է Արեւելեան եկեղեցիներու եկեղեցական կանոնադրութեան մէջ:
Պետրոս արք. Միրիաթեան յայտնեց, որ եպիսկոպոսները պիտի հաւաքուին Հռոմի Լեւոնեան քահանայապետական վարժարանին մէջ, ուր 22 Սեպտեմբերին պիտի սկսին ընտրութեան նիստերը, որոնց պիտի նախագահէ Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովներու կառավարիչ, կարտինալ Լէօնարտօ Սանտրի: