ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երեքշաբթի, 31 Օգոստոս 2021ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսին ներկայութեամբ, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանի ու Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի միջեւ:
Հանդիպումին նպատակն է՝ր Լիբանանի թեմին կատարուելիք օժանդակութիւնը: Վեհափառը ընդհանուր գիծերով պարզեց ահաւոր դժուարութիւններու մէջ գտնուող Լիբանանի հայութեան կացութիւնը, յատկապէս սննդեղէնի ու դեղորայքի, նաեւ շեշտեց լիբանանահայութեան կատարուելիք նիւթական աջակցութեան հրամայականը: Այս իմաստով, ան փափաքեցաւ իմանալ առաջնորդ սրբազաններուն տեսակէտը: Ապա, կաթողիկոսըը թելադրեց, որ հանդիպում մը տեղի ունենայ առաջնորդ սրբազաններուն եւ Լիբանանի Ազգային վարչութեան եւ ընկերային ծառայութեան յանձնախումբին միջեւ:
Յայտնենք, որ շուրջ ամիս մը առաջ Վեհափառ Հայրապետը կոչ ուղղած էր Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերուն՝ դարձեալ հանգանակութիւն մը կատարելու Լիբանանի թեմին համար, ապա թելադրած թեմակալ սրբազան հայրերուն՝ այցելել Անթիլիասի Մայրավանք եւ այս գծով խորհրդակցութիւններ ունենալու:
Առաջինը ըսեմ, որ պրաւօ որ Լիբանանին օգնելու համար ասանկ բաներ կըլլան: Յետոյ: Ես մի քանի հատ հարցումներ ունիմ: 1. Քանատան հիւսիւսային Ամերիկա չէ՞, անոր առաջնորդը ինչո՞ւ չեն կանչած. Քանատայի մէջն ալ ահագին լիբանանցի հայեր կայ, ասի ըսել չէ որ ուրիշ տեղերէ եկող հայերը լիբանանցիներուն պէս չեն մտածեր եւ ըզգար: Կաթողիկոս հայրիկը ինչո՞ւ չի մտածեր է որ քանատացիներն ալ հանգանակութիւն ընեն: 2. Գրվէր է որ հիւսիւսային ամերիկայի երկու թեմերուն առաջնորդները գացեր են Անթլիաս: Իմ կարծիքովս, պէտք է գրէին, որ ասոնք Միացեալ Նահանգներու երկու առաջնորդներն են. նախակրթարանին մէջը մեզի սորվեցուցին, որ հիւսիւսային ամերիկայի մէջն են նաեւ Գանատան եւ Մեքսիքը: 3. Մեքսիքի մէջ բաւական հայ կա՞յ, հոն եկեղեցի եւ առաջնորդ ունի՞նք: Լսածիս նայելով, Էջմիածինը ադտեղի հայերով կըսբաղի երբեմն: