
Կիրակի, 22 Օգոստոսին, իր մահկանացուն կնքեց պատմաբան Ճորճ Պուռնութեան, որ ծնած էր Սպահան (Իրան), 25 Սեպտեմբեր 1943ին:
Համալսարանի երկարամեայ դասախօս եւ առաւել քան երեսուն հատորներու հեղինակ ու թարգմանիչ էր փրոֆ. Պուռնութեան: Անոր գործերը եւ ուսումնասիրութիւնները գլխաւորաբար նուիրուած են հայոց, պարսից եւ կովկասի պատմութեան: Իր դոկտորական աւարտաճառը պաշտպանած է 1976ին, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին (UCLA) մէջ, նիւթ ունենալով «Արեւելեան Հայաստանը՝ ռուսական նուաճման նախօրեակին»: Ան պարսից եւ հայոց պատմութիւն դասաւանդած է բազմաթիւ բարձրագոյն ուսմանց հաստատութիւններու մէջ (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ, «Քոլոմպիա», «Թաֆց», Նիւ Եորք, «Ռաթկըրզ», Քընեթիքըթ, «Ռամափօ» քոլեճ եւ Կլենտէյլի համայնաքային քոլեճ): Երկար տարիներ Ռուսիոյ եւ Խորհրդային միութեան պատմութիւն դասաւանդած է Այոնա քոլեճի (Նիւ Եորք) մէջ: Ան Իրանեան հանրագիտարանի քառասուն խմբագիրներէն մէկը եղած է: 1990ական թուականներուն ան դասաւանդած եւ դասախօսած է նաեւ «Սիամանթօ» լսարանի աշակերտներուն:
Պուռնութեան հեղինակած է շարք մը հատորներ, որոնցմէ հայոց համառօտ պատմութիւնը («A Concise History of the Armenian People») ունեցած է եօթը հրատարակութիւններ: Այս գործերը թարգմանուած են բազմաթիւ լեզուներու, որոնց կարգին՝ հայերէնի, սպաներէնի, արաբերէնի, թրքերէնի, ռուսերէնի, հայերէնի, ճափոներէնի եւ պարսկերէնի: Ան նաեւ անգլերէնի թարգմանած է ուշ միջնադարեան եւ վաղ արդի շրջանի բազմաթիւ հայ մատենագիրներու գործերը: