ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանի «Յարութ Պարսամեան» կրթանպաստի հիմնադրամի յանձնախումբը, գլխաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, գոհունակութեամբ կը յայտնէ, թէ քննելէ ետք 2021-2022 տարեշրջանին համար ներկայացուած դիմումնագիրները՝ որոշած է կրթանպաստի արժանացնել հետեւեալ երեք ուսանողները՝ Թերիզա Երիմեան («Ճորճթուան»), Նարէ Չորպաճեան (UCLA) եւ Նարեկ Տատուրեան (UCLA):
Նշեալ ուսանողները կը հետեւին գիտական մասնագիտութիւններու Միացեալ Նահանգներու համալսարաններու մէջ, ձեռք բերած են փայլուն արդիւնքներ եւ գաղութին մէջ ունին գործօն ծառայութիւն:
Յանձնախումբի անդամներն են կրթանպաստի բարերարուհին Թամարա Պարսամեան, դոկտ. Կարօ Յակոբեան եւ Շաքէ Պօղարեան:
Յաջողութիւն կը մաղթենք մեր ուսանողներուն:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ