ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւն մը Ուրբաթ օր այցելեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանին Ազգային առաջնորդարանին մէջ, ուր անոնք արծարծեցին լիբանանահայութեան օժանդակութեան ճիգերուն վերաբերող հարցերը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ այժմու զարգացումները:
Առաջնորդը ՀՅԴի ղեկավարներուն զեկուցեց վերջերս Հայաստան կատարած իր այցելութեան մասին, որուն ընթացքին ան ծանօթացաւ հայաստանցիներու կարիքներուն՝ անցեալ տարուան Արցախի 44օրեայ քանդիչ պատերազմին իբրեւ արդիւնք: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.ի՝ 2021ը «Արցախի Տարի» հռչակումով, առաջնորդը եւ առաջնորդարանը ձեռնարկեցին արշաւի մը՝ օժանդակելու համար պատերազմէն տուժած ընտանիքներու: ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն, իր կարգին, գործակցելով Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան հետ՝ օժանդակութիւն տրամադրեց նահատակ եւ վիրաւոր զինուորներու ընտանիքներուն, երբ անդամներ Ապրիլին այցելեցին Հայաստան եւ անձամբ նիւթական օժանդակութեան ծրարները հասցուցին անոնց:
Այս շաբթուան սկիզբը, առաջնորդը համացանցի վրայ յայտարարեց, որ եկեղեցին, թեմի հաւատացեալները եւ համայնքի ղեկավարները ընդառաջեցին իր կոչին՝ իրականացնելու համար Արամ Ա. կաթողիկոսի այս ամսուան սկիզբը կատարած մէկ այլ խնդրանքը՝ օժանդակութեան հասնելու լիբանանահայութեան, որ ճգնաժամային տարողութեամբ կարիքը ունի ուտելիքի հիմնական պաշարներու, երկրին յարաճուն տնտեսական տագնապին պատճառաւ: Ան յայտարարեց, որ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ, այս ճիգին նպատակով հաւաքուած է 300,000 տոլար:
ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամները ողջունեցին առաջնորդին նախաձեռնութիւնը եւ յայտնեցին, թէ կազմակերպութիւնը նոյնպէս ներգրաւուած է Լիբանանի մեր եղբայրներուն օժանդակելու գործը յառաջ տանելու ճիգին մէջ: Անոնք առաջնորդ Տօնոյանին տեղեկացուցին, թէ շրջանին մէջ, զանազան ձեռնարկներու կողքին, Կեդրոնական կոմիտէն կը գործակցի Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան հետ դրամահաւաքի միջոցառում մը կազմակերպելու ուղղութեամբ, որ տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 16 Սեպտեմբերին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, եւ հաւաքուած գումարը ուղղակիօրէն պիտի տրամադրուի Լիբանանի հայութեան օժանդակութեան ճիգին:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ տոքթ. Քարմէն Օհանեանին կ՛ընկերանային անդամներ՝ Գօգօ Թօփալեան, Կարօ Իսբէնճեան եւ Թորոս Քէչէճեան: