
8 օր մահաքունի մէջ մնալէ ետք, Երեքշաբթի, 24 Օգոստոսին, Պուէնոս Այրէսի մէջ մահացաւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արմանտօ Թորգոմեան: Ան անցեալ Երկուշաբթի ունեցած էր ուղեղային անակնկալ կաթուած, որուն պատճառով փոխադրուած էր հիւանդանոց:
Արմանտօ Թորգոմեան ծնած է Թորգոմ եւ Ալիս Թորգոմեաններու ընտանեկան հայաշունչ յարկին տակ, 8 Մարտ 1967ին, Արժանթին: Ան աւարտած է Պուէնոս Այրէսի Մխիթարեան վարժարանը:
Փոքր տարիքէն ան ՀՄԸՄին անդամակցած է՝ իբրեւ գայլիկ եւ մարզիկ: ՀՄԸՄի հենտպոլի խումբին հետ ան հասած է մինչեւ ֆետերասիոնի առաջին մակարդակի ախոյեանութիւն:
Լռակեաց, համեստ ու աշխատասէր, Արմանտօ Թորգոմեան եղած է Պուէնոս Այրէսի երիտասարդականի վարչութեան ատենապետ: Ապա, մասնաճիւղի վարչական եւ այնուհետեւ ՀՄԸՄի Հարաւային Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ, միշտ եւ ամէնուր դրօշակիրը հանդիսանալով ՀՄԸՄի ազգային արժէքներուն եւ բարոյական սկզբունքներուն:
ՀՄԸՄին անդամակցութեան կողքին, Արմանտօ Թորգոմեան եղած է հաւատաւոր դաշնակցական: Խոնարհ եւ «անկեղծ զինուոր» հայութեան եւ Հայաստանի ազատագրութեան դատին: Ան եղած է ՀՅԴ Պուէնոս Այրէսի կոմիտէի, ապա ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ: Ան մաս կազմած է նաեւ Պուէնոս Այրէսի Խրիմեան Ազգային վարժարանի խնամակալութեան:
Իբրեւ մարզիկ եւ պատասխանատու՝ Արմանտօ Թորգոմեան մասնակցած է համա-ՀՄԸՄական բազմաթիւ մարզախաղերու, խորհրդաժողովներու եւ հանդիպումներու` իր ողջմիտ կեցուածքներով եւ շրջահայեաց մօտեցումներով արժանանալով բոլորին գնահատանքին եւ յարգանքին: Ան իր մասնակցութիւնը բերած է ՀՄԸՄի տասներկու Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովներէն եօթնին: 11րդ Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովին, 2015ին, ան ընտրուած է ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ չորս տարի ետք` 2019ին վերընտրուած է քառամեայ նոր շրջանի մը համար` մաս կազմելով Կեդրոնական վարչութեան մարզական եւ երիտասարդական յանձնախումբերուն:
Արմանտօ Թորգոմեան ամուսնացած է եւ բախտաւորուած մանչ զաւակով մը` Արամ: