ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ռուս խաղաղապահները սկսան ապահովել Լեռնային Ղարաբաղի ջրամբարի շինարարութեան անվտանգութիւնը։ Լուրը հաղորդեց Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
«Կառոյցը կը գտնուի բաժանարար գիծին մօտ, ուրեմն, այնտեղ անհրաժեշտ է խաղաղապահներու ներկայութիւնը», նշեց առաքելութեան ներկայացուցիչ Ալեքսեյ Քոլեսնիքով: Ըստ փոխանցուած հաղորդումներուն՝ ջրամբարը կը կառուցուի Մարտակերտի շրջանին մէջ, կը նախատեսուի շինարարութիւնը աւարտին հասցնել մինչեւ այս տարեվերջ:
Վերջին շաբաթներուն հաղորդուեցաւ, որ Ստեփանակերտի մէջ ջուրի լուրջ հարց կայ․ պատճառը, ըստ իշխանութիւններուն, եղանակային պայմաններն են, տեղումներու աննախադէպ պակասը եւ այն հանգամանքը, որ վերջին պատերազմէն ետք մայրաքաղաքին մէջ բնակչութեան թիւը աւելցաւ շուրջ 30 տոկոսով։