
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Շուշիի մօտակայքէն՝ յատկապես Շոշ եւ Մխիթարաշէն համայնքներու ուղղութեամբ տեղակայուած դիրքերէն 24 Օգոստոսին՝ ամբողջ օրուան ընթացքին եւ մինչեւ ուշ գիշեր ատրպէյճանական կողմը աշխոյժ կերպով եւ մնայուն կրակահերթեր արձակեց հայկական դիրքերուն եւ անոնց մօտակայքը տեղակայուած հայկական խաղաղ բնակավայրերու ուղղութեամբ։ Այս մասին յայտնեց Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան:
Ասկերանի շրջանի Մխիթարաշէն գիւղին դիմաց տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ արձակուած կրակոցներէն տարբեր զինատեսակներու բեկորները հասան գիւղի բնակելի հատուածը, իսկ 24 Օգոստոսին՝ երեկոյեան ժամը 10ի շուրջ Շուշիի հատուածէն արձակուած կրակոցներէն վնասուեցաւ համայնքի բնակիչներէն մէկուն տունը։
«Ադրբեջանի վարքագիծը եւս մէկ անգամ ի ցոյց է դնում, որ խաղաղ բնակավայրերի հարեւանութեամբ տեղակայուած ադրբեջանական դիրքերը պէտք է հեռացուեն բնակավայրերից այնպիսի հեռաւորութեան վրայ, որտեղից հնարաւոր չի լինի ուղիղ դիտարկմամբ նշանառութեան տակ պահել քաղաքացիական բնակավայրերը, քանի որ դրանք անմիջական եւ իրական սպառնալիք են հանդիսանում Արցախի ժողովրդի կեանքի, առողջութեան եւ այլ կենսական իրաւունքների, ֆիզիքական եւ հոգեկան անձեռնմխելիութեան համար», նշեց Ստեփանեան՝ դիտել տալով, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու անօրէն գործողութիւնններուն պատճառով կը վտանգուի սահմանամերձ դարձած բնակավայրերուն մէջ խաղաղ բնակչութեան բնականոն կեանքը եւ գործունէութիւնը։
«Մի անգամ եւս ընդգծում եմ դէպքերի քննութեան յստակ գործիքակազմերի ներդրման կարեւորութիւնը, ինչ որ հնարաւորութիւն է տալիս պատասխանատուութեան ենթարկել դէպքերի հեղինակները եւ կանխել նրանց հետագայ կրկնութիւնը», նշեց Գեղամ Ստեփանեան։
