ԵՐԵՒԱՆ.- Մարոքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը ցաւ յայտնեց իրեն հետ յարաբերութիւնները խզելու` Ալճերիոյ որոշումին համար՝ նշելով, որ Մարոքի թագաւորութիւնը տեղեակ դարձաւ ալճերիական իշխանութիւններու Մարոքի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզելու «միակողմանի որոշումին մասին»։
Նախարարութիւնը աւելցուց, որ, թէեւ ցաւալի, սակայն նախատեսելի էր նման քայլ մը՝ վերջին շաբաթներուն Ալճերիոյ կողմէ մագլցումի դիմելու ընթացքին լոյսին տակ։
«Մարոքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կտրուկ կերպով կը մերժէ ոչ միայն կեղծ, այլ նաեւ այն անհեթեթ պատճառաբանութիւնները, որոնց վրայ հիմնուած է որոշումը։ Մարոք պիտի շարունակէ ալճերիացի ժողովուրդին հաւաստի եւ հաւատարիմ գործընկերը մնալ եւ ամենայն իմաստութեամբ ու պատասխանատուութեամբ պիտի շարունակէ աշխատիլ մաղրեպեան երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները զարգացնելու համար», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ։
Ալճերիոյ արտաքին գործոց նախարար Ռաթման Լամամրա Երեքշաբթի օր յայտարարեց, որ Ալճերիա կը խզէ Մարոքի հետ իր դիւանագիտական յարաբերութիւնները վերջինիս «թշնամական գործողութիւններուն»՝ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եայիր Լափիտի Մարոքէն Ալճերիոյ դէմ կատարած յայտարարութիւններուն պատճառով՝ աւելցնելով. «1948էն ի վեր չէ պատահած, որ իսրայէլացի նախարար մը արաբական երկրէ մը այլ արաբական երկիրի մը հասցէին թշնամական յայտարարութիւններ կատարէ: Այլեւս յստակ է, որ Մարոք հրաժարած է այն սկզբունքներէն, որոնք կը նպաստեն Ալճերիոյ եւ Մարոքի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման», յայտնեց Լամամրա՝ նշելով, որ Մարոքէն հրապարակաւ բացատրութիւն պահանջեց վտանգաւոր այդ սադրանքներուն մասին, սակայն քար լռութեան հանդիպեցաւ։