ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշողլու Ղրիմեան հարթակի շրջանակներուն մէջ խօսեցաւ լրատուամիջոցներու հետ եւ յայտնեց, որ Թուրքիա կը շարունակէ աջակցիլ Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութեան:
«Մենք երբեք չենք ճանչցած Ղրիմի անօրինական միացումը եւ անընդհատ կը շեշտենք, որ պիտի չճանչնանք զայն», ըստ թրքական «Անատոլու» լրատուական գործակալութեան՝ ըսաւ Չաւուշողլու ։
Չաւուշողլու նշեց, որ Թուրքիա կը մասնակցի գագաթնաժողովին` ցոյց տալու իր աջակցութիւնը Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ շեշտելու կարեւորութիւնը, զոր ան կու տայ Ղրիմի թաթարներու իրաւունքներուն: