Յուլիս եւ Օգոստոս ամիսներուն ընթացքին, ՀՅ Դաշնակցութեան 131ամեակին առիթով, Գանատայի մէջ կազմակերպուեցան նորագիրներու երդման արարողութիւններ: Արարողութիւններուն ընթացքին, Գանատայի տարբեր շրջաններէ 31 նորագիրներ համալրեցին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերը:
Երիտասարդները երդուեցին միշտ հաւատարիմ մնալ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ծրագիրին, կանոնագիրին եւ որոշումներուն, ու ծառայել Հայաստանի ու հայութեան արդար դատին:
Նորագիրները հետեւած էին դաստիարակչական յատուկ ծրագիրի մը, որ կ՛ընդգրկէր կուսակցութեան պատմութեան, գաղափարախօսութեան եւ քաղաքական ուղեծիրի բնագաւառները:
Արարողութիւններէն առաջինը տեղի ունեցաւ 25 Յուլիսիին, Խանասորի արշաւանքի օրը: Օրուան խորհուրդով՝ 31 նորագիրներու այս փաղանգը կոչուեցաւ «Խանասորի սերունդ»: