Համագործակցութեամբ Սպահանի Հայոց թեմի Թեմական խորհուրդին եւ Իրանի Պատմական եկեղեցիներու կեդրոնին, 20-24 Յուլիսին, Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքի ցուցասրահին մէջ ցուցադրուեցան մէկ տարի առաջ, Իրանի պատմական վանքերու գրանցման 12ամեակին առիթով, ԵՈՒՆԵՍՔՕի «Ուըրլտ Հերիթէյճ» բաժինի պահանջով եւ Իրանի պատմական եկեղեցիներու կեդրոնին միջոցով կազմակերպուած «Իրանի հայկական վանքերը երեխաներու աչքերով» խորագրով նկարչական ցուցահանդէսին նմուշները:
Սոյն հաւաքածոյին առաջին ցուցադրութիւնը տեղի ունեցած էր Յուլիս 2020ին, Ս. Թադէի վանքի ցուցասրահին մէջ: Այս ծիրին մէջ, երեք տարիքային բաժանումներով իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Իրանի զանազան քաղաքներէ, Հայաստանէն եւ Արցախէն առաւել քան 70 հայ մանուկ-պատանիներ, որոնցմէ 12ը Սպահանի Հայոց թեմի հայաշատ համայնքներէն՝ Նոր Ջուղայէն եւ Շահինշահրէն էին:
Ցուցահանդէսին բացումը տեղի ունեցաւ 20 Յուլիսին՝ ձեռամբ Սպահանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սիփան եպս. Քէչէճեանի:
Ցուցահանդէսին մասին բացատրութեամբ հանդէս եկաւ առաջնորդարանի հանրային կապի պատասխանատու Բարելի Այվազբալեան, ապա մասնակցողներուն գնահատագիրներ յանձնուեցան ձեռամբ սրբազան հօր եւ Թեմական խորհուրդի անդամներ Ժորժ Ղազարեանի ու Վահիկ Թորոսեանի:
Սրբազան հայրը իր գոհունակութիւնը յայտնեց նման նախաձեռնութեան համար եւ գովելի մտայղացում համարեց ԵՈՒՆԵՍՔՕի «Ուըրլտ Հերիթէյճ» բաժինի եւ Իրանի պատմական եկեղեցիներու կեդրոնի համագործակցութեամբ իրականացուած այս ցուցահանդէսը: Սրբազանը պատմութեամբ մը փոքրիկներուն պատգամեց, որ թէեւ տարբեր ոճեր եւ մակարդակներ ունին ներկայացուած նկարչութիւնները, սակայն անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իւրայատուկ գրաւչութիւն եւ գեղեցկութիւն, որովհետեւ անոնց խորքին մէջ կ՛արտացոլան հեղինակի սիրտին եւ հոգիին մէջ թաքնուած զգացումները եւ հարազատութիւնը՝ այդ կոթողներուն նկատմամբ: