
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Թիւֆէնքեան» գեղարուեստի ցուցադրասրահին մէջ, Ուրբաթ, 27 Օգոստոսին տեղի պիտի ունենայ Գեղամ Խաչերեանի, ինչպէս նաեւ Խաչերեանի եւ Քրիս Թրումընի կողմէ պատրաստուած ստեղծագործութիւններու իւրայատուկ ցուցահանդէսին բացումը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ 10 Հոկտեմբեր։
Ցուցադրասրահի հասցէն է՝ 216 S. Louise Street, Glendale, CA 91205: Ցուցադրասրահը բաց է Չորեքշաբթիէն Շաբաթ, առաւօտեան ժամը 11էն կէսօրէն ետք ժամը 5:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքը, կամ «Ֆէյսպուք»ի կայքէջը, դիմել (818) 288-4635 թիւին կամ caroline@tufenkianfinearts.com հասցէին։