Կիրակի, 8 Օգոստոսի առաւօտեան, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք․ Տէրտէրեան, ընկերակցութեամբ Վազգէն քհնյ. Մովսէսեանի, այցելեց Վենթուրա Քաունթիի Հայց. եկեղեցին:
Սրբազան հայրը մատուցեց եպիսկոպոսական Ս․ պատարագ եւ իր հոգեշունչ քարոզին ընդմէջէն վեր առաւ օրուան խորհուրդը։
Յաւարտ Ս․ պատարագի․ Ս. Աստուածածնի տօնին առիթով կատարուեցաւ Խաղողօրհնէքի արարողութիւն: Այնուհետեւ, Յովնան արք. Տէրտէրեան իր ջերմ ողջոյնները եւ բարեմաղթութիւնները յղեց Վենթուրա Քաունթիի Հայց. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արշակ Ա. քհնյ. Խաչատուրեանին, եկեղեցւոյ սարկաւագաց ու դպրաց դասերուն, Ծխական խորհուրդի անդամներուն, շաբաթօրեայ եւ կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներուն, ուսուցիչներուն, ինչպէս նաեւ ամբողջ հաւատաւոր ժողովուրդին:
Հուսկ, եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն`ի պատիւ առաջնորդին, եւ ներկաները անցուցին հոգեպարար պահ մը: