ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
8 Փետրուար 2021ին, Պսակաձեւ ժահրի համաճարակին մասին գրած էի երկար եւ մանրամասն յօդուած մը, որ լոյս տեսաւ Սփիւռքի հայկական շատ մը թերթերու մէջ: Այդ յօդուածին մէջ անդրադարձած էի Պսակաձեւ ժահրի համաճարակի սկզբնաղբիւրին, անոր տարածման, փոխանցման, տարողութեան, պատճառած հիւանդութիւններուն, կանխազգուշական միջոցներուն, համաշխարհային տնտեսութեան հասցուցած վնասներուն, ընկերային եւ կրթական համակարգի խախտումներուն եւ նորաձեւութիւններուն, ինչպէս նաեւ անոր դէմ տեսակաւոր պատուաստներու պատրաստութեան մանրամասնութիւններուն ու անոնց յատկութիւններուն:
Այս բոլորին մասին ամէն օր տակաւին կը գրուի եւ ժողովուրդը տեղեակ կը պահուի այս համաճարակի նոր զարգացումներուն մասին:
Այս գրութեամբ պիտի անդրադառնամ Պսակաձեւ ժահրի համաճարակին դէմ պայքարելու պատուաստումի անհրաժեշտութեան եւ հարկադրանքին:
Ասիկա զգուշացման կոչ մըն է բոլոր մեր հայրենակիցներուն, կոչ մը՝ նուազագոյն վնասով դուրս գալու այս անկաշկանդ, քանդիչ, մահացու եւ մանաւանդ անտեսանելի թշնամիէն՝ Պսակաձեւ ժահրի համաճարակէն, COVID 19-էն:
Ուրեմն, պատուաստ մը կը գրգռէ անհատին վարակամերժութեան (immunity) համակարգը, կը զարգացնէ յատուկ վարակամերժութիւն եւ կը յայտնաբերէ հակամարմիններ անհատին մէջ:
Պատուաստը արգելք կը հանդիսանայ որոշ բորբոքումային հիւանդութիւն-ներու կամ կը մեղմացնէ զանոնք: Անիկա ամէնէն ազդու միջոցն է արգելք հան-դիսանալու շատ մը բորբոքումային հիւանդութիւններու: Անոր միջոցաւ Հա-մաշխարհային առողջապահական կազմակերպութիւնը (ՀԱԿ) կրցած է վերջնականապէս անհետացնել, արմատախիլ ընել (eradication) ծաղկախտը (small pox) եւ հսկողութեան տակ առած է կարգ մը հիւանդութիւններ շատ մը երկիրներու մէջ, ինչպէս՝ մանկական անդամալուծութիւնը (polio), հարսանիթը եւ պրկախտը: Ըստ ՀԱԿի՝ կան 25 հիւանդութիւններու դէմ յատուկ պատուաստներ:
Պատուաստները ընդհանրապէս կը տրուին մարդոց վարակումէն առաջ: Սակայն կարգ մը պատուաստներ կը ներարկուին նաեւ վարակումէն ետք, օրինակ՝ կատղախտի ((rabies) պատուաստը:
Պատուաստումը բժշկական ապահով դարմանամիջոց մըն է: Անոր բարդութիւններուն յաճախականութիւնը որեւէ մէկ դեղի բարդութիւններէն աւելի չէ:
Կան շարք մը հիւանդութիւններ, որոնց դէմ պատոաստումը պարտադիր է շատ մը երկիրներու մէջ: Այդ հիւանդութիւններն են՝ լեարդաբորբ B-ն (hepatitis B), կեղծմաշկը (diphtհeria), պրկախտը (tetanus), կապոյտ հազը (pertusis-whooping cough), կրիփը (influenza), ունկնագեղձատապ-ունկնանկը (mumps), մանկական անդամալուծութիւնը (polio, poliomyelitis), պրկախտը (tetanus), ջրծաղիկը (chicken pox), հարսանիթը (measles եւ ծաղկախտը (small pox):
Պատուաստուելով՝ կը պաշտպանենք ոչ միայն մենք զմեզ, այլ՝ մեր շուրջը գտնուողները:
Էտուըրտ Ճենըր (Edward Jenner) կը նկատուի նախահայրը առաջին պատուաստի պատրաստութեան: Ան 1798ին Անգլիոյ մէջ պատրաստած է ծաղկախտի պատուաստը: Մինչ այդ ծաղկախտը միլիոնաւոր մարդոց կեանքը խլած է: Էտուըրտ Ճենըրի պատրաստած պատուաստով այս հիւանդութենէն մահացողներուն թիւը զգալիօրէն նուազած է:
Բժշկութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Էտուըրտ Ճենըրի կատարած այս առողջապահական յեղաշրջումէն ետք, Ամերիկայի նախագահները եւ բարձրաստիճան զինուորականները, հետեւելով անոր կատարած աննախընթաց իրագործումին` որդեգրած են ծաղկախտի դէմ պարտադիր պատուաստում:
1885ին, Լուի Փասթէօր (Louis Pasteur) գտնաւ կատղախտի պատուաստը, որ կը կատարէ փրկարար գործ. վարակուածներուն մեծամասնութիւնը կը փրկուին ստոյգ մահէ:
Յաջորդաբար գտնուեցան զանազան հիւանդութիւններու, յատկապէս՝ մանկական հիւանդութիւններու պատուաստները:
Կապոյտ հազի պատուաստին գործածութեամբ մահերը նուազեցան 84 տոկոսով, հարսանիթի պարագային՝ 99 տոկոսով, գերմանական հարսանիթի եւ ունկնանկի պարագային՝ 99 տոկոսով, պրկախտի (tetanus) պարագային՝ 96 տոկոսով:
Մանկական անդամալուծութիւնը, կեղծ մաշկը եւ ծաղկախտը ամբողջ աշխարհի մէջ այսօր գրեթէ վերջնականապէս ոչնչացած է՝ շնորհիւ պատուաստի գործածութեան:
Այսօր, ամբողջ աշխարհը կը դիմագրաւէ Պսակաձեւ ժահրի համաճարակը, որ կայծակնային արագութեամբ ծնաւ, տարածուեցաւ եւ եղաւ մղձաւանջ բոլոր մարդկութեան: Այս համաճարակը կը նմանի ծովային զօրաւոր ալիքաւոր հոսանքի մը, զոր կարելի չէ կասեցնել սովորական միջոցներով: Անոր տարածումը կարելի էր կասեցնել միայն արտակարգ ազդու պատուաստի մը միջոցաւ, որ նախապէս գոյութիւն չունէր: Անշուշտ շատ կարեւոր էին հետեւեալ կանխազգուշացումները՝ դիմակի գործածութիւնը, երկու մեթր հեռաւորութիւն պահելը, յաճախակի ձեռք լուալը, ուրիշներու դիմաց չհազալը եւ չփռնգտալը:
Պատուաստին պատրաստութիւնը կը կարօտէր ամիսներու եւ նոյնիսկ տարիներու գիտական բժշկական անխոնջ եւ յարատեւ աշխատանքի: Եւ այդպէս եղաւ: Աշխարհի չորս ծագերէն աշխարհահռչակ մասնագէտ գիտնականներ եւ բժիշկներ գործի լծուեցան, աշխատեցան գիշեր եւ ցերէկ՝ օգտագործելով պատուաստի պատրաստութեան արհեստագիտութեան նորագոյն ոլորտները: Անոնք վերջապէս հասան նպատակայարմար արդիւնքի: Անոնք հնարեցին Պսակաձեւ ժահրի համաճարակին դէմ պատուաստը: Տարբեր երկիրներու մէջ պատրաստուեցան տեսակաւոր պատուաստներ, որոնք մարմինի դիմադրողական համակարգին կը սորվեցնեն ապահով կերպով ճանչնալու եւ արգելափակելու COVID 19-ը պատճառող ժահրը:
Այս պատուաստներու պատրաստութիւնը կատարուեցաւ ակադեմական խիստ հսկողութեամբ եւ հիմնուելով գիտութեան վրայ, որ գոյութին ունի տասնամեակներէ ի վեր: Անոնք փորձարական չեն: Այս պատուաստները բոլորն ալ ապահով են եւ մասնաւոր բարդութիւններ չեն ստեղծեր: Անոնք ազդու են եւ արգելք կը հանդիսանան վարակումին եւ ժահրի տարածման: Անոնք արգելք կը հանդիսանան վարակումէն ետք ծանր հիւանդութիւններու եւ բարդութիւններու յայտնաբերման: Անոնք չեն վնասէր կաթնտու մայրերուն եւ արգելք չեն ըլլար յղութեան: Իսկ յղի կիներ, իրենց բժիշկին հսկողութեամբ եւ արտօնութեամբ՝ կրնան պատուաստուիլ: Գերզգայնութիւն ունեցող անձեր եւ վարակուած անձեր կրնան ստանալ այս պատուաստը:
Մինչեւ օրս, շատեր պատուաստուեցան՝ հետեւելով առողջապահական կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու հետեւողական թելադրութիւններուն եւ ցուցմունքներուն, սակայն կը սպասուի, որ պատուաստումը շարունակուի եւ ժողովուրդներու մեծ տոկոսը ստանան այս պատուաստը, մանաւանդ երիտասարդները, պատանիները եւ բոլոր անոնք, որոնք չեն պատուաստուած կամ կը տատամսին պատուաստուելու:
Այս ժահրը ոչ միայն սանձարձակօրէն կը տարածուի 360 աստիճանի վրայ, հորիզոնական եւ ուղղահայեաց, այլ անիկա ազատօրէն կ՛այլափոխուի եւ իր տարբերակը կը յայտնուի, որ աւելի ազդեցիկ է, արագօրէն կը փոխադրուի տեղէ տեղ եւ կը փոխանցուի անձէ անձ ու մանաւանդ՝ աւելի վտանգաւոր է եւ մահացու:
Արդէն ահազանգը հնչած է ամեն կողմէ: Նոր տարբերակը հասած է բոլոր ժողովուրդներուն՝ անխտիր: Միակ միջոցը պաշտպանուելու այս տարբերակէն պատուաստուիլն է: Անոնք, որոնք չեն պատուաստուած մինչեւ օրս պէտք է անյապաղ դիմեն պատուաստումի կեդրոնները՝ ստանալու համար պատուաստը:
Պատուստուելով ոչ միայն կը պաշտպանենք մենք զմեզ հարձակող ժահրէն, այլեւ պատճառ կը դառնանք, որ մեր շուրջիններն ալ պաշտպանուին: Ուստի, պատուաստումը պէտք է կատարուի անյապաղ: Ուշացումով ժահրը աւելի ազատ եւ արագ կը տարածուի ու նոր տարբերակները կը մխրճուին ամէն կողմ:
Շրջապատուած ենք անհիմն, սխալ, ոչ-գիտական տեղեկութիւններով եւ մոլորեցնող խառնիխուռն ցուցմունքներով: Դժբախտաբար, ականատես ենք մեծ պետութիւններու քաղաքան ղեկավարներու պատուաստումի հակաքարոզչութեան, որոնք կը ծառայեն իրենց քաղաքական խաղերուն եւ շահերուն:
Երկու հակասակ պատգամներ կ՛ողողեն պարզ ժողովուրդին ուղեղները: Առաջինը՝ քաղաքական ղեկավարներուն եւ երկրորդը՝ գիտնականներուն եւ բժիշկներուն հրապարակային կոչերը: Գիտնականներ եւ բժիշկներ, հիմնուելով իրենց ակադեմական կարողութիւններուն, երկար տարիներու գիտական փորձառութիւններուն եւ հետախուզական աշխատանքի արդիւնքներուն՝ կը կատարեն յայտարարութիւններ, նախազգուշական յայտարարութիւններ եւ կու տան ցուցմունքներ՝ ի շահ մարդկութեան ու մարդ արարածին առողջութեան, հանգիստին եւ բարօր կեանքին: Իսկ քաղաքական ղեկավարներ կը մոլորեցնեն իրենց հետեւորդները կեղծիքով լեցուն յայտարարութիւններով՝ աղաղակելով կը մեղմացնեն կացութեան ահաւորութիւնը, արգելաբակումները, վերադադձնելու համար իրենց տնտեսութիւնը եւ անձնական քաղաքական շահերը: Անոնք կ՛անտեսեն գիտնականներու կատարած գիտահետախուզական աշխատանքներու արդիւնքները, կը պահեն զանոնք լուսանցքի մէջ եւ նոյնիսկ արգելք կը հանդիսանան անոնց յորդորներուն եւ կոչերուն:
Մարդոց առողջութիւնը կ՛ապահովուի գիտութեամբ եւ ոչ թէ քաղաքական կեցուածքներով եւ քաղաքական ղեկավարներու աճպարարութեամբ:
Համաճարակները դիմագրաւելու եւ անոնցմէ դուրս գալու իրաւասութիւնը կը պատկանի գիտնականներուն, բժիկներուն եւ առողջապահական մարմիններուն եւ ոչ թէ իշխող քաղաքագէտներուն, որովհետեւ գիտութիւնը հիմնուած է արդիւնքներու, տուեալներու եւ ճշմարտութիւններու վրայ:
Այս խառնաշփոթ կացութիւնը կը մատնէ պարզ ժողովուրդը անվստահութեան, անորոշութեան, վախի եւ մտահոգութեան: Երեւոյթ մը, որ արդարացի է: Սակայն, պէտք է կողմնորոշուինք՝ վստահելով գիտութեան ապահով տեղեկութիւններուն եւ տուալներուն:
Պատուաստումը խիստ հրամայական է՝ չվարակուելու, մենք զմեզ եւ մեր շրջապատը պաշտպանելու եւ արգելք հանդիսանալու ժահրի նոր տարբերակներու տարածման: Պատուաստումը կը նպաստէ բնականոն կեանքի վերսկսման եւ տնտեսութեան վերազարթնումին, կրթական հաստատութիւններու վերաբացման, ազատ ճամբորդութեան, ընկերային եւ մշակութային ձեռնարկներու վերսկսման, վերջ դնելու պարտադիր մեկուսացումին ու տնակեցութեան եւ այլն, եւ այլն: