ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան, Ռուսիոյ կառավարութեան փոխնախագահ Ալեքսէյ Օվերչուք եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուստաֆաեւ վերսկսան եռակողմ աշխատանքային խումբի աշխատանքին։ Այս մասին տեղեկացուց Ռուսիոյ կառավարութեան կայքը:
17 Օգոստոսին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած նիստին կողմերը քննարկեցին Հարաւային Կովկասի տարածքին երթեւեկի հաղորդակցութիւններու վերականգնման հեռանկարները: Արծարծուեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետին, Ատրպէյճանի նախագահին եւ Ռուսիոյ նախագահին 11 Յունուար 2021ի յայտարարութեան ծիրին մէջ իրականացուող հետագայ աշխատանքներուն ընթացքը։