
Հրազդան Զէյթլեան
Արցախի գոյամարտին 2020ի վերջաւորութեան մեր ձախողութիւնները բացատրել փորձող երկու սխալական մօտեցումներ լայն տարածում գտան հայկական քաղաքական մամուլին մէջ եւ ընկերային ցանցերուն վրայ, հակառակ իրենց պարզունակ եւ կրկնաբանական տրամաբանութեան:
Առաջինը, որ թէեւ հազիւ թէ համոզեց Հայաստանի յունիսեան ընտրութիւններու քուէարկածներէն քիչ մը աւելի քան մէկուկէս առ հարիւրը միայն, կը շարունակուի առաջ քշուիլ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի եւ ՀԱԿի կողմէ, այն է, որ ձախողեցանք քանի որ չհետապնդեցինք հարցի լուծման աւելի «լուրջ», աւելի «ռացիոնալ» մօտեցում ինչպէս իրենք կը սիրեն ըսել (երեւի հայերէն «բանական» բառը չգործածելով աւելի հաւատալի կը դառնայ իրենց տեսակէտը): Ըստ ասոնց, աւելի ռացիոնալ մօտեցում մը եղած պիտի ըլլար նախկին ԼՂԻՄի շուրջ մեր ինիսունական թուականներուն ազատագրած պատմական հայապատկան հողերը արագ վերադարձնելը «փոխզիջումներով», վաստկելու համար ապագային Ատրպէյճանի սահմաններուն մէջ տակաւին Արցախի ինքնորոշման քուէարկութիւն անցկացնելու իրաւունքին խոստումը, ազերի «գաղթականներուն վերադարձէն» ետք…: Պարզապէս զաւեշտական է այս մօտեցումը, ներառեալ քանի որ հակառակորդ կողմերէն միայն մե՛նք է որ միշտ «փոխզիջումներով» զբաղուեցանք իսկ «Ատրպէյճան» միայն ու միայն մերժե՛ց ՈՐԵՒԷ «փոխզիջում»:
Երկրորդ մօտեցումը, մանրավաճառուած Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ, որ իր մատչելիութեամբը համոզեց ձախողութենէն խոնջած մեծամասնութիւնը, այն է որ մենք ձախողեցանք 2020ի վերջաւորութեան, քանի որ ըստ իրեն ամէն ինչ սխալ ըրած էինք մինչեւ 2018, եւ բաւարար ժամանակ չէր եղած 2018-էն 2020 սխալները շտկել…:
2020 թուականի վերջաւորութեան Արցախի գոյամարտի մէջ մեր ձախողութիւնները իրականութեան մէջ կատարելապէս ուրիշ եւ աւելի բանական բացատրութիւն ունին ու աւելի պարզ պատճառ:
Փետրուար 1988ին Արցախեան շարժումը սկսաւ Ստեփանակերտի մէջ ո՛չ տեղական ինքնավարման պահանջով (Արցախը խորհրդային լուծի տակ ԼՂԻՄ «ինքնավար» մարզ մըն էր արդէն, ըստ կարգավիճակի սահմանումին), այլ Արցախի Ատրպէյճանէն անկախացումին եւ Հայաստանին միացումին պահանջով: Արցախեան շարժումը շուտով վերածուեցաւ հայկական աննախադէպօրէն մասսայական ազգային շարժումի մը թէ՛ Արցախի եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ. շարժումի մը որու հիմնական առաջատար նպատակը խորհրդային իշխանութեան կողմէ թրքական ժողովուրդներու սիրաշահման զոհաբերուած Արցախին Ատրպէյճանի բռնակցման պատմական անարդարութեան եւ Արցախի Հայաստանէն մասնատումին սրբագրումն էր: Ազգային արդարութեան վերահաստատման հզօր այդ շարժումը դարձաւ առանց որեւէ չափազանցումի ա՛յն կայծը որմէ սկսաւ ապազգային խորհրդային կառուցուածքին փլուզման խառոյկը եւ խորհրդային իշխանութեան փոշիացումը, երբ մէկը միւսին ետեւէ խորհրդային լուծի տակ ազգ-հանրապետութիւնները, ներառեալ՝ Ռուսիան, ոտքի կանգնեցան անկախութիւն հռչակելով:
Արցախը Ատրպէյճանին կցումը 1923ին Ստալին բռնապետի ֆիաթով (հրահանգ) խորհրդային իշխանութեան կողմէ թրքական կայսերապաշտութեանը սիրաշահելու եւ դրամատիրական Արեւմուտքի դէմ դարձնելու դաւ մըն էր, որ յաջողելու ո՛չ մէկ գրաւական ունէր եւ որ լմա՛ն ձախողեցաւ երբ Թուրքիա դարձաւ եւ մնաց ՆԱԹՕի անդամ՝ ցայսօր:
Քանի որ Արցախը խլուած էր Հայաստանէն թրքական կայսերապաշտութեան սիրաշահման համար հիմնականօրէն (ուրիշ պատճառ գոյութիւն չունէր hայ մեծամասնութեամբ պատմականօրէն հայապատկան այս շրջաններուն Հայաստանէն պոկումին), ապա ուրեմն՝ Արցախի խլումը անուղղակի արգասիքն էր եւ ըստ արդիւնքի բաղկացուցիչ մասը հայութեան թիւի բռնութեամբ նուազեցման, Հայաստանի մասնատումին եւ տկարացումին օսմանեան, իթթիհատական, քեմալական թէ յետքեմալական թրքական պետութեան շարունակական կայսերապաշտական քաղաքականութեան պատմական չարիքին:
Ուրիշ խօսքով, Արցախի անկախացման դատը մասնիկն էր hայ ժողովուրդի դիմադրութեան՝ թրքական կայսերապաշտական պետական քաղաքականութեան որ 19րդ դարու վերջէն սկսեալ կը նպատակադրէ ուղղակի եւ անուղղակի միջոցներով hայութեան ջնջումը, եւ Մեծ Եղեռնէն ետք վերապրած Հայաստանի մասնատումը եւ շարունակական տկարացումը:
Արցախի 1990ական թուականներու ազատամարտիկներո ՛ւն համար, Արցախի դատը մասնիկն էր մասնատուած Հայաստանի վերաամբողջացման, հայութեան ազգահաւաքին եւ հայապատկան բռնագրաւուած հողերու ազատման արդա՛ր ազգային ազատագրական պայքարին: Արցախի դատի լուծումը առանձին կարելի չէր դիտել ընդհանրապէս Հայ Դատի պատմական լուծումէն: Այս իմաստով Արցախեան գոյամարտը բնակա՛ն շարունակութիւնն էր 1970/80-ական թուականներու Հայ Դատի լուծումը պահանջող սփիւռքեան հայ մարտիկներու պայքարին, պայքար մը, որ իր կարգին պատմական hայ յեղափոխական շարժմանը վերանորոգումն էր:
Արցախեան պայքարը ուրեմն բնաշրջական եղափոխութիւնն ի՛սկ էր պատմական Հայ Յեղափոխութեան որ սկսած էր Արցախեան շարժման սկիզբէն ուղիղ մէկ դար առաջ, 1880ական թուականներու վերջաւորութեան:
Եւ երբ յատկապէս Արցախի ազատամարտիկներու աննկո՛ւն առաջատարութեամբ (ճակատներէն ազդելով հայկական պետական մարտավարութեան ուղղութեան վրայ), նորանկախ Հայաստանի նորաստեղծ բանակի մասնակցութեամբ հայութիւնը յաղթեց 1992էն 1994ին, կը թուէր թէ Արցախի եւ Հայաստանի վերամիացման պատմական ժամը հասած էր:
Յարակարծօրէն, եւ անբնականօրէն յաղթական կողմին համար, Հայաստանի նորանկախ պետականութեան անդրանիկ ղեկավարութիւնը Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հիմնականօրէն սխալական բայց տիրապետող մօտեցումներով, այդ ճի՛շտ մոմենտին (պահ), չյայտարարեց Հայաստանի եւ Արցախի միացումը եւ անհասկնալիօրէն, հակառակ մեր յաղթանակին, որոշեց ենթարկուիլ մեր շահերը չբաժնող եւ մեր շահերուն հակասող , իրե՛նց շահերէն մղուած օտար պետութիւններու նենգ եւ անձնասէր խրատներուն․ մինչեւ իսկ Արցախի անկախութիւնը չճանչցաւ, բան մը որ անհեթեթութեան գագաթնակէտն էր եւ է ՛ տակաւին:
Օտար, տարբեր պետութիւններու շահերը ընդհանրապէս թրքամէտ էին 1994ին եւ ե՛ն տակաւին, մի՛շտ կը նախընտրեն Հայաստան գործածել իբրեւ ճնշման լծակ՝ աւելի մեծ Թուրքիան եւ թրքական աշխարհը պահելու համար իրենց ծիրին մէջ կամ սիրաշահելու իրենց ազդեցութեան շրջանակին մէջ: Անսալ օտար պետութիւններու յորդորներուն եւ չճանչնալ Արցախի անկախութիւնը ինիսունականներու մեր յաղթանակներէն ետք, սխալ մըն էր, որ պատմութիւնը ցոյց պիտի տայ իբրեւ ամէնէն ծանրակշիռ սայթաքում եւ սխալ մը, որ յանգեցաւ մեր վերջին ձախողութիւններուն:
Եթէ ատենին Արցախը Հայաստանի մաս հռչակուած ըլլար, Արցախի վրայ յարձակում Հայաստանի սահմաններուն վրայ յարձակում պիտի ըլլար, սկզբունքով կիրառման մէջ դնելով Հայաստանի պաշտպանողական դաշինքները. դաշինքներ, որ չգործադրուեցան 2020ին, ըստ յայտարարութեանց, որովհետեւ Արցախը Հայաստանի մաս չէր, պաշտօնապէս նոյնիսկ Հայաստանի համար:
Տէր Պետրոսեանի համար ռացիոնալ փոխզիջումներով կարելի էր եւ կարելի է լուծել Արցախի դատը: Խորհրդային ապազգային մշակոյթի ուղեղալուացման եւ ժողովուրդներու եղբայրութեան առասպելին հաւատացած համայնավար միջազգայնական հօր մը ազդեցութեան տակ դաստիարակուած այս մարդը, հակառակ իր պատմաբանական ուսումին, չկրցաւ ըմբռնել տարրականը՝ թրքական ցեղապաշտութեան անզիջող կուսակրօնութեան եօթը հարիւր տարիներու այլամերժութիւնը եւ այս ցեղապաշտութեան հիմնականօրէն քանդիչ դերը՝ Արցախեան դատի հոլովոյթին վրայ:
Հակառակ ակադեմիկոսի իր մտաւորական ենթադրելի պաշարին, որ զինք պատրաստած պէտք է ըլլար տեսնելու տարբեր պետութիւններու բարդ հակասութեանց մառախուղին ընդմէջէն Հայաստանի՛ ռազմավարական շահերու յստակ առաջնահերթութիւնը, Տէր Պետրոսեան կատարելապէս խաբուեցաւ եւ Հայաստանը մխրճեց փոխան Արցախի անկախութեան ճանաչմամբ ամրագրուած, Արցախի միացման ռազմավարութեան, «փոխզիջողական» բանակցութիւններու երկար գործընթացի մը մէջ, ուր ամէն քայլափոխի օտար պետութիւնները Ատրպէյճանի ամբողջականութեան յանկերգը նուագեցին, կէտեր արձանագրելով Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ, ի վնաս մեզի եւ ի շահ իրենց: Հայաստանը մնաց աւազախրուած Արցախի ապագայ կարգավիճակի անյստակ «սթաթուս»ի որոշման յետաձգման հոլովոյթի մը մէջ. Հայաստանը կրկնեց ու կրկնեց ինքնորոշման մարդկային իրաւունքի ճշմարտակութիւնը բոլորին խուլ ականջներուն: Ատրպէյճանը պաշտպանուած անուղղակիօրէն օտար պետութիւններու կողմէ եւ իր դաշնակից Թուրքիոյ զօրաւոր ուղղակի աջակցութեամբ, պարզապէս մերժեց ՈՐԵՒԷ «փոխզիջում» եւ օրն ի բուն պատրաստուեցաւ՝ գերարդիական պատերազմի:
Ուրիշ խօսքով, Տէր Պետրոսեան մեր յաղթանակէն անմիջապէս ետք չորս թանկագին տարիներ մսխեց ինքնորոշման սկզբունքին շուրջ բանակցութիւններով, առանց որեւէ յաջողութեան։ Ինքնիշխանութիւնը Արցախը սկզբունքով ունէր խորհրդային ԼՂԻՄի օրերէն արդէն իսկ, երբ մեր հարցը՝ ԱՐՑԱԽԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄԸ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՐ ՍԿՍԵԼՈՎ ՄԵԶՄԷ, ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՀՌՉԱԿՈՒՄ եւ ՄԻԱՑՈ՛ՒՄ:
Ինքնորոշման սկզբունքի կիրառումը, սահմաններու ամբողջականութեան սկզբունքի ծիրին մէջ միայն, կրնար յանգիլ լաւագոյն պայմաններու տակ ինքնավարութեան, որ Արցախի ԼՂԻՄեան անցեա՛լն էր, Ատրպէյճանի սահմաններուն մէջ եւ ատրպէյճանական ճնշող լուծի տակ: Հայաստանը երբեք պէտք չէր ընդունէր իրերամերժ այս երկու սկզբունքներու բոլորակային անելը, եւ յստակօրէն կեդրոնանար ինքնորոշման սկզբունքին վրայ հիմնուած անկախացումի իրականութեան վրայ – ասիկա կարելի էր ընել յստակօրէն մերժելով սահմաններու ամբողջականութեան սկզբունքը ԼՂԻՄի Խորհրդարանի 20 Փետրուար 1988ի Հայաստանի հետ միաւորման որոշման հիման վրայ: Ինքնորոշումի այս որոշումը անկախացման եւ Հայաստանի հետ միացումի ժողովրդավարական անժխտելի որոշում էր:
Տէր Պետրոսեանի զոյգ սկզբունքներու նկատառման մօտեցումը այնքան անյաջող դարձաւ, որ ի վերջոյ իր ամէնէն մօտիկ գործընկերները իրեն կից տուին եւ զինք ճամբու դրին: Սակայն, հակառակ իր հրաժարականին, հայկական պետութեան առաջին ղեկավարին եւ իր կողմնակի անձնաւորութիւն Ժիրայր Լիպարիտեանի մօտեցումները դժբախտաբար դարձան չխոստովանուած տոկմա իր յաջորդներուն համար եւս:
Ընդհանրապէս, երբ նոր պետութիւններ իրենց անդրանիկ ռազմավարական մօտեցումները կը բանաձեւեն եւ կը դնեն պետական գործադրութեան, գնացքը կը շարժի այդ որոշ ուղղութեամբ եւ միայն հզօր յեղափոխութիւն մը կրնայ հիմնականօրէն փոխել գնացքի ուղղութիւնը: Մեր պարագային, մէկը միւսին ետեւէն ներպալատական փոփոխութիւններով իշխանութիւն ստանձնած Քոչարեան եւ Սարգսեան շարունակեցին զանազան պզտլիկ տարբերութիւններով Տէր Պետրոսեանի նոյն հիմնականօրէն սխալական մօտեցումը:
2018ի Տէր Պետրոսեանի գաղափարական սանուկ Փաշինեանի թաւշեայ շարժումն ալ դժբախտաբար փաստօրէն ո՛չ մէկ շօշափելի փոփոխութիւն բերաւ Հայաստանի հիմնականօրէն Տէր Պետրոսեանական Արցախեան քաղաքականութեան մէջ, որ մնաց եզերուած ինքնորոշման իրաւունքի կիրարկելիութեան բանավէճով, սահմաններու ամբողջականութեան սկզբունքին ծիրին մէջ:
Հակառակ սահմաններու անձեռնմխելիութեան սկզբունքի իր չարաշահումին, քանի որ ինքնավար Արցախը Ատրպէյճանի սահմաններէն ներս կը գտնուէր, թրքական դրդումով, Ատրպէյճանը տիպականօրէն ա լա թուրքա հետաքրքրուած չէր որեւէ միջազգային իրաւունքի սկզբունքով՝ ընդհանրապէս: Ո՛չ ինքնավարութեան սկզբունքով (տես ԼՂԻՄի լուծարումը Ատրպէյճանի կողմէ 1991ին), ո՛չ ալ նոյնիսկ սահմաններու անձեռնմխելիութեան սկզբունքով (տե՛ս 2021ին Հայաստանի սահմանները փոխելու իր բռնի փորձերը այս օրերուս): Սումկայթէն Գետաշէն եւ Հադրութէն Սեւ Լիճ, Ատրպէյճանը հետաքրքրուած էր եւ է միայն ու միա՛յն հայութեան վտարումով եւ հայկական հողերու բռնի խլումով:
Հայաստանը առաջին օրէն իսկ, ինիսունական թուականներէն պէտք է յայտարարեր ԻՆՔՆԱՎՍՏԱՀՕՐԷՆ, որ հարցը ինքնավարութեան հարց չէր, նախկին ԼՂԻՄը ինքնավար էր Արցախեան շարժման սկիզբէն առաջ, հարցը Արցախի ԱՆԿԱԽԱՑՈՒՄՆ ԷՐ եւ ՎԵՐԱՄԻԱՑՈՒՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ հետ, իբրեւ թրքական կայսերապաշտութեան Հայաստանի եւ հայութեան քանդումին դէմ ՀԱՅ ԴԱՏԻ լուծման հոլովոյթի ԱՌԱՋԻՆ ԱՐԱՐԸ:
Մեր պետական ղեկավարութեան սխալը ռացիոնալիզմի պակասը կամ սխալները շտկելու ժամանակ չունենալը չէր… Մեր պետական ղեկավարութեան սխալը եղաւ եւ է ա՛յն որ Ատրպէյճանի հայաջնջման փորձը չդիտեց իբրեւ թրքական ֆաշականութեան նորովի դրսեւորումը Արցախեան գոյամարտի սկիզբէն մինչեւ այսօր, նոյնիսկ քառասունչորս օրերու մեր ձախողութիւնէն ետք, ձախողութիւն մը ի դիմաց թուրք բանակի եւ սպայակոյտի լայնամասշտաբ ղեկավարային մասնակցութեան՝ Ատրպէյճանի Արցախի վրայ յարձակման մէջ:
Մեր պետական ղեկավարութեան սխալը՝ երեւակայելու անկարողութիւնը եղաւ. չկրցան մտքով տեսնել, որ թշնամին Ատրպէյճանը չէր միայն, եւ չկրցան կանխատեսել, որ 27 Սեպտեմբեր 2020ին դէմ յանդիման պիտի գտնուէինք թրքական կայսերապաշտութեան ամբողջ միջոցներուն միաժամանակ կատարեալ շղթայազերծման:
Մինչեւ իսկ 15 Յունիսի Շուշիի թուրք ատրպէյճանական դաշինքի հռչակագիրէն ետք, տակաւին յիմարներ կան մեր պետական ղեկավարութեան մէջ, որ չեն անդրադառնար, որ մեր վերապրումի պայքարը Արցախի մէջ պայքա՛րն է թրքական կայսերապաշտութիւն դէմ եւ խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն գոյութիւն չունի եւ չի կրնար ունենալ հայութեան համար՝ այնքան ատեն որ վերջնական հաշուեյարդարի չէ ենթարկուած թրքական կայսերապաշտութիւնը:
Պատմութիւնը ցոյց տուաւ, որ ինքնավարութեան ու սահմանային անձեռնմխելիութեան սկզբունքներու սուտ մրցակցութեան շուրջ երկարաձգուող բանակցութիւնները թատրոն էին պարզապէս. Թուրքիա եւ Ատրպէյճանը լծուած էին հիմնականօրէն պատերազմի պատրաստութեան եւ ռազմական ամբողջարկութեան: Երբ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի պատերազմական պատրաստութիւնները հասան ա՛յն մակարդակին երբ պատերազմի ընթացքին յաղթական արդիւնք հասնելու կարելիութիւնը ընդունելի հաշւոյթ դարձաւ իրենց համար, ժամանակը հասած էր եւ Թուրքիոյ ուղղակի մասնակցութեամբ եւ ղեկավարութեամբ Ատրպէյճան յարձակեցաւ:
2020ի վերջին մարտերուն կարեւորագո՛յն ուսանելի դասը այն է, որ թրքական կայսերապաշտութիւնը երբեք չէ դադրած գործադրելէ՝ Եղեռնի շարունակութիւնը: Այս պատճառով Հայ Դատի հետապնդումը ողջ հայութեան պետական եւ ոչ պետական ուժերուն միակ իրատես ուղղութիւնն է այսօ՛ր երբ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դրսեւորած շարունակուող նպատակը Հայաստանը խղճալի ճամբարի մը վերածելն է: Հայութեան ուղղակի եւ անուղղակի շարունակուող եղեռնը դադրեցնելու ՄԻԱ՛Կ միջոցը թրքական կայսերապաշտութեան վերջնական ՀԱՇՈՒԵՅԱՐԴԱՐՆ է:
2020ի վերջին ազերի թուրքերուն ի գործ դրած բարբարոսութիւնները փաստեցին, որ Մեծ Եղեռնը պատմական անցած հանգրուան չէ, ա՛յլ թրքական կայսերապաշտութեան շարունակուող քաղաքականութիւն մինչեւ մեր վերջը իբրեւ պետական ազգ:
Հայ Դատի հետապնդումը, Ցեղասպանութեան ճանաչումը/Արցախի դատը «իրարմէ անկախ» ՉԵ՛Ն… ՆՈ՜ՅՆ պայքարն է՝ կասեցնելու, այսօ՛ր՝ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒՈ՛Ղ ԵՂԵՌՆԸ Արցախի մէջ:
Արցախի դատը մասնիկն է թրքական կայսերապաշտական դաւերով մասնատուած եւ տկարացուած Հայաստանի վերամբողջացման եւ Արցախի դատի լուծումը առանձին կարելի չէ դիտել:
Ազգաջնջման շարունակուող երկդարեան ոճիրով Մասնատուած Հայաստանի վերամիացման եւ եղեռնային այս ոճիրի արդարահատոյցը կարելի չէ իրագործել առանց թրքական կայսերապաշտութեան հաշուեյարդարին:
Ի՞նչ կրնայ նշանակել թրքական կայսերապաշտութեան հաշուեյարդարը. թրքական կայսերապաշտութեան հաշուեյարդարը պատմական ա՛յն հանգրուանն է, երբ Թուրքիա կամաւոր կ՛ընդունի երկու դար երկարող հայութեան ազգաջնջումի իր մեղքը, կը համաձայնի նիւթական եւ հողային հատուցման եւ կը հիմնագրէ իր այս պարտաւորութիւնները եւ վերջնականապէս կը վանէ կայսերապաշտական ծաւալապաշտութիւնը, ի վնաս հայութեան, իր պետական ռազմավարութենէն: Առանց այս հաշուեյարդարին, չկայ Հայ Դատի եւ Հայ Դատի Արցախեան էջին վերջնական լուծում: Առանց այդ հաշուեյարդարին թրքական կայսերապաշտութիւնը միշտ ալ պիտի շարունակէ փորձել՝ խորտակել Հայաստանը, Արցախը եւ ընդհանրապէս հայութիւնը:
Ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր ուղին հիմա որպէսզի պատճառենք թրքական կայսերապաշտութեան հաշուեյարդարը:
Նախ՝ հայ յառաջդիմական ուժերը պէտք է յաջողին համոզել ռուսական քաղաքական միտքը, որ թրքական դէպի արեւելք տարածումը նոյնքան վտանգաւոր է Հայաստանի ԵՒ Ռուսիոյ համար, անկախ ժամանակաւոր մարտավարական հարցական առաւելութիւնէ մը (ան ալ թերեւս) այս հանգրուանին, ռուս-թրքական գործակցութիւններով արեւմտեան պլոքին մէջ մակերեսային հակասութիւն ստեղծելու խաղով:
Ռուսիոյ ռազմաքաղաքական միտումներուն մէջ տակաւին գոյութիւն ունին նախկին ստալինեան քաղաքականութեան ցախաւել մնացորդ ա՛յն մօտեցումը, որ կը տեսնէ շահ՝ Ռուսիոյ համար, Արցախեան դատի օգտագործմանը մէջ՝ թրքական աշխարհը «սիրաշահելու» արեւմտեան ծիրէն դուրս, Արեւմուտքէն անկախ «գործընկերութիւն» ստեղծելով Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ շրջանային հարցերու լուծման մէջ (Արցախ, Սուրիա, Լիպիա): Ասիկա երէկի ստալինեան կատարելապէս ձախողած սովետական քաղաքականութեան այսօրուան վիժուկն է: Այս իրականութեան մէջ բոլորովին անիրապաշտ եւ սխալ քաղաքականութիւնը քանի՞ անգամ պիտի ձախողի, որպէսզի Ռուսիա անդրադառնայ, որ հոտ երկարաժամկէտ շահ չկայ իրեն համար: Ստալինեան ներշնչումով թրքական աշխարհը Արեւմուտքէն անջատելու սին փորձը, ի վնաս Արցախի, ռազմավարական տեսակէտէ սխալ էր եւ սխալ է, քանի որ թրքական դէպի արեւելք տարածումը միայն ու միայն Ռուսիոյ տկարացման կրնայ տանիլ (տե՛ս թրքական հակառուս քաղաքականութիւնը Ուքրանիոյ մէջ):
Վերջապէս՝ Ռուսիա ինքնին կառուցուած է թուրանական արեւելեան հրոսակացեղախումբերու ձիւնաթաղման մէջ: Արդեօ՞ք Ռուսիա պիտի ուզէ վերադառնալ մոսկովեան պետութեան մը իրավիճակին՝ շրջապատուած թուրանական արեւելեան պետութիւններու վոհմակներով:
Հայ յառաջդիմական ուժերը հսկա՛յ գործը ունին հիմա՛ համոզելու Քրեմլինը, որ ստալինեան ներշնչումով Թուրքիոյ սիրաշահման յոյսերով քաղաքականութիւնները ձախողած են մի՛շտ անցեալին եւ պիտի ձախողի՛ն ՄԻ՛ՇՏ:
Թրքական կայսերապաշտութեան միջամտութիւնը Արցախեան գոյամարտին մէջ չպէտք է, որ յաջողի, այլապէս յաջորդ արարը պիտի ըլլայ Սիւնիքի կտրատումը, Սիւնիքի ընդմէջէն թուրանական հողային կապի հաստատումը:
Ժամանակն է, որ դիմագրաւենք եւ հակադարձենք այս կայսերապաշտութեան՝ արձանագրելով մեր սահմանադրութեա՛ն մէջ իբրեւ անփոփոխելի հիմնայօդուած, որ Արցախը էր, է եւ պիտի ըլլայ մինչեւ վերջ Հայաստան: Հայաստանի նոր խորհրդարանը պէտք է վերամշակէ Հայաստանի սահմանադրութեան մէջ հայահաւաքի եւ հողահաւաքհ հայկական արեւելութեան ռազմավարութիւնները: Հայկական արեւելութեան հիմնարար այս սկզբունքներուն հիման վրայ Հայաստանի սահմանադրութեան մէջ պէտք է վիմագրուի, որ Հայաստան չի կրնար ընդունիլ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի սահմանային ամբողջականութիւնը այնքան ատեն, որ Թուրքիա չէ ընդունած հայութեան ազգաջնջումի իր ոճիրը՝ Մեծ Եղեռնը, եւ պատրաստակամութիւն չէ յայտնած հատուցման եւ հայապատկան գողցուած հողերու վերադարձին, եւ այնքան ատեն, որ Արցախը իբրեւ Հայաստանի անբաժան մաս չէ ճանչցուած Ատրպէյճանի կողմէ:
Ի պատասխան Ալիեւի յայտարարութեան, թէ ինք լուծած է Արցախի հարցը վերջնականօրէն, Հայաստանի նոր խորհրդարանը Արցախը Հայաստանի անբաժանելի մաս պէտք է հռչակէ անմիջապէս, որպէսզի որեւէ Հայաստանի կառավարութիւն օրէնքով ստիպուած ըլլայ ըստ այնմ գործել: Հայաստանի բանակը իր վէրքերը լիզելու ժամանակ չունի՝ պատրաստուի՛նք պատմական Արցախի մնացորդացի պաշտպանութեան:
Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումը Հայաստանի կողմէ այլեւս անժամանցելի է եւ հրատապ: Մեր դաշնակից Ռուսաստանի նախագահը ի՛նք ընդունեց 9 Նոյեմբեր 2020ի համաձայնագրի օրերուն, որ երբեք չէր հասկցած ինչու Հայաստանը այդ քայլը ցարդ չէր առած…: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը Ժան-Իվ Լը Տրիանը նոյն Նոյեմբերի վերջաւորութեան Հայաստանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանաչում չունենալը մատնանշեց չարափաստօրէն, արդարացնելու համար, որ Ֆրանսայի կառավարութիւնը պէտք չէ ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը:
Հիմի էլ լռենք եւ չառնե՞նք այս քայլը երբ Ատրպէյճանի նախագահ աւազակը Սիւնիքի եւ Երեւանի ազերիական հող ըլլալու մասին կը ճառաբանէ:
Հայաստանի յառաջդիմական քաղաքական ուժերուն կ՛իյնայ Հայաստանի խորհրդարանին մէջ այս ճանաչման օրէնսդրութեան անցման ապահովումը:
9 Նոյեմբեր 2020ի համաձայնագիրը խաղաղաբեր համաձայնութիւն չէ եւ չի կրնար ըլլալ այնքան ատեն, որ Արցախը անկախ չէ Ատրպէյճանէն: Զինադադարը կրկներեւոյթ է լոկ, օդացոլութիւն, միրաժ։ Չորս տարիէն ԵԹԷ ՈՉ ԱՒԵԼԻ ԱՌԱՋ, Ատրպէյճանը պիտի պահանջէ որ Ռուս զինուորները հեռանան «Ատրպէյճանի տարածքներէն» եւ օգտագործելով թրքական կայսերապաշտութեան լման կարողականութիւնը եւ բոլոր լծակները պիտի յարձակի լիքիուիտացնելու (բնաջնջելու) Արցախը: Ջայլամի բնազդ է կարծել այլապէս: Միակ իրապաշտ մարտավարութիւնը օրն ի բուն պատրաստուիլն է՝ պատերազմի եկող յաջորդ փուլին:
Խաղաղութիւն գոյութիւն երբեք չի կրնար ունենալ այնքան ատեն, որ թուրքը հայեր կը խողխողէ հայապատկան հողերու վրայ:
Մասնագէտներ, ակադեմականներ եւ այլք կը խօսին Արցախեան «առաջին» կամ «երկրորդ» պատերազմներուն մասին, իբրեւ սկսուած եւ վերջացած պատերազմ«ներ»: Արցախեան պատերազմը դադրած չէ, չէ վերջացած եւ չի կրնար վերջանալ այնքան ատեն, որ հայ ազգի պատմական իրաւունքը չէ վերահաստատուած Արցախի մէջ:
Հրադադարը հանգրուան մըն է պարզապէս: Պատերազմը առանց մեր յաղթանակին աւարտած չի կրնար ըլլալ:
Փաստօրէն զինադադար անգամ գոյութիւն չունի. աւելի ճիշդը զինադադարը յարգողը մենք ենք միայն, խեղճօրէն, ի գին ամէն ինչի: Թշնամին զինուած խուժումներով օր ըստ օրէ կը մտնէ Հայաստան, սահմանային շրջանները, քիչ մը ամէնուր, անպատիժ, մինչեւ իսկ… առանց հակահարուածի: Մեր պետութիւնը ՄԵՐ սահմանները պաշտպանելու համար կը դիմէ ՕՏԱՐ երկիրներու, որոնց համար ատրպէյճանական զինուած խուժումները անկարեւոր «սահմանային դէպքեր» են լոկ: Ասիկա պետական մօտեցում չէ: Որեւէ խուժում Հայաստանի սահմաններէն ներս պէտք է ստանայ ՀԱԿԱՀԱՐՈՒԱԾ եւ արդար ռազմավարական նախահարուած այլուր:
Թշնամին տակաւին կը պահէ պատերազմական հայ գերիներ, հակառակ համաձայնագրի գերիներու վերադարձման պայմաններուն եւ նոր գերիներ կը գերեվարէ: Հայ գերիներու վերադարձը մուրալը պետական մօտեցում չէ: Ականաքարտէսներու վաճառումը գերիներու վերադարձին համար, տկարացնելով մեր պաշտպանողական կարողութիւնը, դարձեալ սխալ մօտեցում է: Գերիները կը փոխանակուին. ա՛յդ է գերիներու հարցը լուծելու միջոցը: Մենք ալ ազերի գերիներ պէտք ունինք, եւ իրենց մեր երկիրը խուժող զինուորները այդ փոխանակելի գերիները պէտք է որ ըլլան:
Թշնամին երբեք պէտք չէ ըլլայ հոգեբանական այն կացութեան մէջ, որ կարծէ, թէ իր յաջողութիւններով Արցախի հարցը «լուծած» է վերջնականապէս, եւ եթէ է, այդ տպաւորութիւնը պէտք է վերացուի: Ընդհակառակը, Արցախի դատը պէտք է վերածուի իրեն համար այնպիսի վտանգաւոր եւ հսկայ «գլխացաւի» մը, որ թշնամին ի՛նքը ուզէ, որ Արցախը անջատուի:
Արցախի գրաւեալ շրջաններուն մէջ թշնամին հանգիստ չպէտք է մնայ Հադրութէն Շուշի, քանի որ մե՛նք հանգիստ չենք՝ արտաքսուած մեր հողերէն: Թշնամին պէտք չէ զգայ «յաղթական», «անպատիժ», քոմբրոմիսով (զիջում) անհետաքրքիր: Եթէ չկայ ելք ու ճար ապա ուրեմն ժամանակն է՝ անհամաչափ, յեղափոխական եւ ի հարկին արտապետական պայքարի:
«Ատրպէյճանը» էր, է եւ պիտի մնայ թրքական կայսերապաշտութեան սիրաշահման նուէր արուեստական պետութիւն մը, հիմնուած հայկական բնակչութեան ոչնչացման ոճիրին սկզբնական մեղքին վրայ եւ որ կը համախմբէ, “թայֆայական օպսքուրանթիսթ” բռնապետութեան մը տակ, իրարու անհաւատարիմ շարք մը ցեղային եւ կրօնական խմբաւորումներ, որու միակ հարստութիւնը եւ գերարդիական զէնքեր գնել կարենալու միակ ազդակը՝ քարիւղի արդիւնաբերութիւնն է (արդիւնաբերութիւն մը, որ պատմականօրէն կը պարտի հայ գործարարներու հանճարին եւ ջանքերուն): Յաջորդ տասնամեակներուն, երբ մարդկութիւնը անդին կ՛անցնի ածխաջրածինական ուժանիւթի գործածութենէն մէկ կողմէ, եւ գոյութիւն ունեցող պաշարներու սպառումով, միւս կողմէ, քարիւղը պիտի դադրի՛ ռազմավարական առաւելութիւն ըլլալէ: Քարիւղի շահերու պակսումով, ժամանակի ընթացքին, իր նիւթական միջոցներու նուազումով պիտի տկարանայ նոյնիսկ Ատրպէյճանի ռազմավարական դաշնակցութիւնը թուրանական միւս պետութիւններուն եւ մինչեւ իսկ Թուրքիոյ հետ, եւ ապագային նուազ հարուստ Ատրպէյճան մը հաւանաբար ի վիճակի պիտի չըլլայ գերարդիական նմանաչափ զինամատակարարումը շարունակել Իսրայէլէն:
Սատարենք «Ատրպէյճանի» ցեղային եւ կրօնական ընկճուած խմբաւորումներուն քաղաքական ինքնահաստատման, որ անոնք հատու ներքին կիցերով խախտեն «Ատրպէյճան» խրճիթի խարխուլ հիմերը:
Արցախի հանդէպ յաջողութիւն արձանագրելու համար Ատրպէյճանը ինքզինք վերածեց վասսալ (ենթակայ) նահանգ մը էրտողանեան Թուրքիո,ւ բան մը, որ իր իսկ պետական շահերուն անյարիր է եւ ստիպուեցաւ ընդունիլ օտար ռուսական բանակը, որ կը պաշտպանէ Արցախը Ատրպէյճանէն – եւ ասիկա յիմար Ալիեւին «յաղթանակն» է որու համար մսխեց քարիւղի օրըստօրէ պակսող շահերը:
Թրքական կայսերապաշտութիւնը չենք կրնար հաշուեյարդարի ենթարկել լոկ պայքարելով Արցախի մէջ այս կայսերապաշտութեան դէմ: Թրքական կայսերապաշտութիւնը նահանջի մղելու համար ուրիշ ելք ու ճար չունինք բացի ընդարձակելէ պայքարը:
Ժամանակը մեզի հետ է:
Թուրքիան չի կրնար երկարժամկէտ մնալ էրտողանեան արկածախնդրական մենատիրութեան տակ քանի որ իր իսկ շահերը կը պահանջեն որ ան նահանջէ ռիսկերով (վտանգ) յղի համաթուրանական միթի (առասպել) երկրպագումէն:
Թուրքիա ամէն ինչ կ՛ընէ ինքզինք ներկայացնելու համար իբրեւ համածին ազգ պետութիւն մը, երբ իրականութեան մէջ ոչի՛նչ է բացի՝ փոքր կայսրութիւն մը, ուր շարք մը ժողովուրդներ կ՛ապրին թուրք իշխանաւոր ցեղախումբի լուծին տակ, եւ որու երկարժամանակ վերապրումի հեռանկարը, ըստ իր ներկայ կայսերապաշտ ղեկավարութեան, «թուրք» արուեստական կոչումին մէջ ձուլումն է ներքին ժողովուրդներուն եւ համաթուրանական ընդլայնումը:
Մենք պէտք է քաջալերենք եւ սատարենք Թուրքիոյ մէջ ապրող ինքնուրոյն ժողովուրդներուն եւ կրօնական փոքրամասնութիւններուն ինքնութեան վերելքին ու անոնց իրաւունքներուն ինքնահաստատմանը:
Յատկապէս ճիգեր ներդնենք մեր ՔԻՒՐՏ եղբայրներու ղեկավարներուն քով քովի բերելու: Թելադրենք որ իրենց ուժը իրենց միութեան մէջ տեսնեն: Օգնենք, որ այս հսկայ ժողովուրդը ցեղախումբի եւ վարձկանութեան մտայնութենէն ձերբազատուելով որոշէ դառնալ ԱԶԳ եւ ունենայ ՀԱՅՐԵՆԻՔ հո՛ն ուր մեծ թիւերով է՝ անկախանալով Թուրքիայէն:
Թրքական կայսերապաշտութեան հաշուեյարդարին ամէնէն իրատես ուղին ԱՆԿԱԽ ՔՐՏԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ստեղծումն է: Օգնենք մեր քիւրտ եղբայրներու ազգացման դատին: Հայաստանը չի կրնար չըլլալ, բնականաբար է՛ եւ պէտք է որ ըլլայ՝ Թուրքիոյ մէջ քրտական պետութեան արդար գաղափարին ներշնչման փարոսը:
Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ քրտական ինքնավար շրջաններու հաստատմամբ , այլեւս պարզապէս ժամանակի հարց է, որ Թուրքիոյ քրտական մասսաները ուզեն առնուազն նոյնը ընել Թուրքիոյ մէջ: Ռազմավարական պայմանները վերջապէս դարձած են բարենպաստ, եւ Թուրքիա ժամանակառումբին պատրոյգը մեր քիւրտ եղբայրներն են որ պիտի վառեն.
Թրքական կայսերապաշտութիւնը մեզմէ լաւ գիտէ, որ ռազմավարական կացութիւնը վերջապէս դարձած է փոփոխական եւ վտանգաւոր իրեն համար. ասոր համար է արդէն որ կատաղած շան պէս կայսերապաշտական Թուրքիան յարձակեցաւ Սուրիա տկարացնելու եւ կասեցնելու համար քրտական շրջանային կառավարման կառոյցը, օժանդակեց Ատրպէյճանին Արցախի մէջ, կը պահէ Կիպրոսի կէսը գրաւուած, կը սպառնայ Յունաստանին, միջամուխ է Լիպիոյ քաղաքացիական պատերազմին մէջ եւ հիմա ներկայութիւն է Աֆղանիստանի մէջ:
Ապրիլ 2021ին Հայաստանը հաստատեց հիւպատոսարան քրտական էրպիլ քաղաքին մէջ: վերջապէ՛ս. բայց ո՞ւր են Հայկական բանակի խորհրդականները Ռոճաւայի մէջ, ի դիմաց թրքական բանակին եւ թրքական վարձկաններուն: Սուրիոյ հայ գաղութի ֆիզիքական պաշտպանութիւնը եւ Թուրքիոյ կողմէ սուրիացի վարձկաններու կազմակերպումը եւ փոխադրութիւնը Ատրպէյճան, Արցախի դէմ պատերազմին մէջ գործածութեան համար, հայկական պետութեան պաշտպանողական ներկայութիւնը Ռոճաւայի մէջ անհրաժեշտ կը դարձնեն:
Թուրքիա եւ Ատրպէյճան ռազմափորձեր ըրին միասին Կարսի մէջ այս տարուան Ապրիլին, hայկական յատուկ ջոկատայիններն ալ ռազմափորձեր պէտք է ընեն ուրեմն՝ Ռոճաւայի մէջ:
Ստեղծենք հայկական պետական յատուկ տարատեսակ կառոյցներ, ուսումնասիրական եւ այլք, ակադեմական ամպիոններ շարունակական համագումարներով, համակրական կրուբներ (խումբ), արտապետական կազմակերպութիւններ ուղղակի գործողութեան համար, եւայլն: Այս բոլորը՝ ուսումնասիրելու եւ օգնելու համար Թուրքիոյ մէջ թրքական լուծի տակ ապրող ժողովուրդները՝ ՎԵՐԱՊՐԱԾ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ (ներառեալ կորսուած հայերը), մեր եղբայր ՔԻՒՐՏԵՐԸ, մեր եղբայր ԵԶԻՏԻՆԵՐԸ, մեր եղբայր ԱՍՈՐԻՆԵՐԸ, ԼԱԶԵՐԸ, ԱԼԵՒԻՆԵՐԸ, ՌՈՄԱՆԵՐԸ, ՉԵՐՔԷԶՆԵՐԸ:
Այս տարի Յունաստան, Կիպրոս եւ Եգիպտոս զինուորական համագործակցութեան պատմական համաձայնագիր կնքեցին – անընդունելի՛օրէն բացակայ էր Հայաստանը:
Մեր լօզունքը թող ըլլայ՝ «թրքական կայսերապաշտական չարիքի զոհեր միացէ՛ք»: ՀԱՅԱՍՏԱՆ, մեր ՔԻՒՐՏ եղբայրները, ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ, ՅՈՅՆ ԿԻՊՐՈՍ, ՍՈՒՐԻՈՅ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ, ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԼԻՊԻԱ, ԵԳԻՊՏՈՍ, ՄԱԷ (UAE), եւ այլք: Ըլլանք ղեկավար ազդակ, ձգտինք միագրել այս ուժերը թրքական ակրէսիաները (բռնարարք) դիմակայող պաշտպանողական դաշնագրութեան մէջ:
Ռազմավարական ներկայ հանգրուանը կատարելապէս աննախադէպ առիթ մը կը ստեղծէ միացնելու շարք մը պետութիւններ եւ ուժեր, որ հետզհետէ աւելի վտանգաւոր կերպով կը զգան իրենց մորթին վրայ համաթուրանական չարիքի էրտողանեան հանգրուանի աւերները: Հայաստանը եւ հայութեան յառաջդիմական եւ յեղափոխական քաղաքական ուժերը ՂԵԿԱՎԱՐ ԴԵՐ պէտք է ստանձնեն ռազմավարական դաշնագրութեան մը ստեղծման մէջ վերջնականապէս թաղելու համար համաթուրանական ցեղապաշտութիւնը:
Նոյեմբեր 9-1Օի տխրահռչակ համաձայնագիրը Արցախեան «երկրորդ» պատերազմի աւարտը չէ, այլ անյաջող հանգրուան մը լոկ: Ոչ մէկ համաձայնագիր կրնայ բաժնել Հայաստանի մաս Արցախը Հայաստանէն եթէ մենք պատրաստ ենք՝ անկոտրում մարտունակութեան: Եթէ մենք պատրաստ ենք դիմակայելու վերջնականապէս թրքական կայսերապաշտութիւնը Արցախի մէջ ե՛ւ Արեւմտահայաստանի մէջ:
Անզիջող մարտունակութի՛ւնը միակ ուղին է, որ կը տանի յաջողութեան՝ ուժերու հանդէպ, որոնց նպատակը հայութեան կատարեալ բնաջնջումն է:
Խաղաղութիւն անկարելի է առանց թրքական կայսերապաշտութեան հաշուեյարդարին:
Fully supporting ideas exposed by Mr. H. Zeytlian as a FIRST and complete ,
with few addendum. 1- L. Der Bedrossian proved by its acts as true Bolshevik
historian, advocator, Brest- Litovsk treaty & Moscow treaty executor for all
territory LOSS , continued up TODAY, policy in Force. 2- Without Organized,
UNITED, NATIONALIST OUTSIDE FORCE, like SHADOW GOVERNMENT,
Supervisor, Protestor for Anti Armenia Acts, imperative, as Fatherland ALONE,
SURRENDERED, FROM INSIDE AND OUTSIDE, CAN NOT OVERCOME ALONE.
3- Kurds MUST ACCEPT FIRST OUR TERRITORIAL RIGHTS ARBITRAGED BY
Pr. W. Wilson; NOT AFTER. 4- Diaspora Nation ACTIVELY must be INVESTOR
in Armenia, VIA PAN ARMENIAN BANK, OPEN IN YEREVAN, Avoiding some
local untrustworthy middlemen “SERVICES” to not be disappointed FOREVER.
5- MOST CRUCIAL: ARMY COMES FIRST TO BE REORGANIZED AS THE UNIQUE
GUARANTOR FORCE FOR FREEDOM, “YOU WANT PEACE BE READY FOR WAR”.
Noticing: A CRUCIAL LAW ADOPTED as 1st CHRISTIAN NATION IN
THE OLD AND NEW TESTAMENTS, APPLIED BY JEWS TO DAY WE
MUST APPLY TO US ALSO. “Any person married to a Jewish lady,
born children is considered as Jew”. 1st President’s children are
Jewish NOT Armenian. in churches, sermons starting “According
So and So” listening , better to ask from our 2 Catholicoses, our
right according LAW, “ANY PERSON MARRIED TO AN ARMENIAN
LADY, BORN CHILDREN ARE CONSIDERED ARMENIAN”, THERE IS
NOT 2 LAW, WE ARE ADOPTING AS 1st CHRISTIANS, SIMILARLY.