ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Թուրքիոյ Աղետներու եւ արտակարգ իրավիճակներու կառավարման վարչութեան կողմէ 16 Օգոստոսին հաղորդուած տուեալներուն համաձայն՝ հեղեղներուն պատճառով երկրի հիւսիսը արձանագրուած մահերուն թիւը հասած է 72ի:
Փրկարար ջոկատներ կը շարունակեն որոնողական աշխատանքները, գտնելու համար մօտաւորապէս 50 այլ քաղաքացիներ: