Կրթական ենթայանձնախումբի անդամները
Լոս Անճելըսի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան ատենապետ Քելի Կոնեզի հետ իրականացուած աշխատանիստներէն պատկեր մը
Քոնկրեսական Ճուտի Չու գնահատագիր կը յանձնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Անահիտ Օշականին եւ կրթական ենթայանձնախումբի ատենապետ Ալիս Պետրոսեանին
Պատկեր մը տարեկան չորրորդ մրցանակաբաշխութեան արարողութենէն
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- 2014ին հիմը դրուած էր Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կրթական հարցերու ենթայանձնախումբին, կրթական ոլորտին մէջ եւս ջատագովելու համար Հայ Դատը։
2020-2021 տարեշրջանի ենթայանձնախումբը Փետրուար 2020ին իրականացուց տարեկան չորրորդ մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը, որ առիթ մը հանդիսացաւ մեծարելու 7 կրթական մշակներ, որոնք յատկանշական դերակատարութիւն ունեցած են Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման գործին մէջ: Մեծարեալներն էին՝ դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, դոկտ. Մարիա Արմուտեան, Ճենիֆըր Տէյվիս, դոկտ. Միշել Հերցոկ, Սուզեն Քուինթանա, Սահականուշ Մարգարեան եւ Նենսի Նազարեան։ Ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսն էր վաւերագրական ֆիլմեր պատրաստող Անի Յովհաննէսեան Գէորգեան, իսկ հանդիսավարն էր Էլին Աբովեան (KTLA կայանի հաղորդավար)։
Յաջորդող ամիսներուն, ենթայանձնախումբի անդամները Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Արցախի մասին առցանց դասախօսութիւններ տուին շարք մը հանրային վարժարաններու աշակերտներուն, կեդրոնանալով յատկապէս Ցեղասպանութենէն ետք հայութեան տրամադրուած ամերիկացիներու աջակցութիւններուն վրայ։
Հոկտեմբեր 2020ին, Լոս Անճելըսի միացեալ կրթաշրջանը որոշեց Ապրիլ 24ը իբրեւ արձակուրդ նշել, յարգելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը, նոյն ժամանակ դատապարտելով Արցախի վրայ Պաքուի յարձակումները։ Շրջանի այլ կրթաշրջաններ, ինչպէս նաեւ Քալիֆորնիոյ ուսուցիչներու միութիւնը եւս Պաքուն դատապարտող բանաձեւներ վաւերացուցին՝ զօրակցելով հայ աշակերտներուն։
2021ին, ենթայանձնախումբը համացանցային նոր կայք մը ունեցաւ՝ յատկապէս հայութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Արցախի մասին դասանիւթերը աւելի դիւրութեամբ հասանելի դարձնելու համար։
Ենթայանձնախումբը եւ Քալիֆորնիոյ Ցեղային ուսմանց դասանիւթի պատրաստութեան համար կազմուած յատուկ յանձնախումբը մօտէն աշխատեցան նահանգի կրթական մարմիններուն հետ, դասանիւթին մէջ հայութեան փորձառութեան ներառումը իրականացնելով։
Փետրուար 2021ին, Միացեալ Նահանգներու Ուսուցիչներու դաշնակցութիւնը պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ իր 1․7 միլիոն անդամներուն համար զայն դասաւանդելու ուղեցոյց մը պատրաստելու կոչ ըրաւ իր ղեկավարութեան։
Ապրիլին, ուսուցիչներու յատուկ շարք մը աշխատանիստներ կատարուեցան Լոս Անճելըսի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան ատենապետ Քելի Կոնեզի հետ համագործակցութեամբ։
Մայիսին, Միացեալ Նահանգներու Կրթական ազգային միութիւնը զօրակցութիւն յայտնեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող նախագահ Ճօ Պալտընի յայտարարութեան, իսկ Յուլիսին որոշեց ուսուցիչներուն Հայոց Ցեղասպանութիւնը դասաւանդելու նիւթեր տրամադրել։
Օգոստոսի սկիզբը, 2020-2021 տարեշրջանի ենթայանձնախումբը գումարեց իր վերջին նիստը, քննելով իր գործունէութիւնը, ապա ընտրուեցաւ 2021-2022 տարեշրջանի ենթայանձնախումբը, որուն վարչութեան անդամներն են` Ալիս Պետրոսեան (ատենապետ), Սեդա Անթեքելեան (փոխատենապետ), Թալին Արսէնեան (գանձապահ) եւ Լօրա Կապուտեան (քարտուղար)։