ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն»․- Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 30րդ տարեդարձին առիթով, Սեպտեմբերին Գիւմրիի մէջ պիտի բացուի Հայկական ազգային խորհրդանշաններու թանգարանը, կը տեղեկացնէ Հայկ Դեմոյեան։
Ըստ Դեմոյեանի՝ թանգարանի ցուցադրութիւնը պիտի ներկայացնէ հայկական դրօշակներու, զինանշաններու, եկեղեցական եւ աշխարհիկ խորհրդանշաններու պատմութիւնը եւ ծագումնաբանութիւնը՝ համալրուած բացառիկ ցուցանմուշներով։