ՊԱՔՈՒ.- Պելոռուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ պարգեւատրուեցաւ «Ատրպէյճանի բարեկամ» ոսկիէ շքանշանով, որ հաստատուած է «Իմ Ազրպէյճան» միջազգային ամսագիրին կողմէ՝ ատրպէյճանցիներուն նկատմամբ եղբայրական եւ բարեկամական վերաբերմունքի, Ատրպէյճանի Հանրապետութեան հետ երկկողմ յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ զարգացման գործին մէջ առանձնապէս մեծ ծառայութիւններու համար:
«Հաքքին» լրատուական կայքը կը նշէ, որ շքանշանը Լուքաշենքոյին շնորհեց ամսագիրի գլխաւոր խմբագիրը:
Լուքաշենքօ շնորհակալութիւն յայտնեց՝ բարձր գնահատելով երկկողմանի յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան ամրապնդման ուղղութեամբ ատրպէյճանական կողմին կատարած աշխատանքը: Ան ընդգծեց այն փաստը, որ պետութիւններուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները կը զարգանան ամէն օր: