ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտնեց, որ Ռուսիա ու Չինաստան կը փորձեն օտար կողմերը համոզել, թէ Միացեալ Նահանգները անկումի մէջ է, եւ վստահեցուց, որ այդ ճիշդ չէ:
«Ոչ ոքի համար գաղտնիք է, որ Չինաստանի եւ Ռուսիոյ իշխանութիւնները, ինչպէս նաեւ ուրիշներ կը փորձեն հրապարակաւ եւ անձնական քննարկումներու մէջ փաստել, թէ Միացեալ Նահանգները անկում կ՛ապրի, եւ աւելի լաւ է ապագան կապել իրենց բռնատիրական տեսլականին եւ ոչ թէ մեր ժողովրդավարական տեսլականին: Մենք կրնանք անոնց յիշեցնել, եւ տարբեր քայլերու միջոցով կը յիշեցնենք, թէ բաւարար ուժ ունինք», Մերիլենտի համալսարանին մէջ արտասանած իր խօսքին մէջ ըսաւ Պլինքըն:
Պլինքըն ընդունեց, որ Միացեալ Նահանգները համաշխարհային բեմին վրայ որոշ չափով նահանջած է եւ ենթակառոյցներու որակի առումով կը գրաւէ 13րդ, իսկ նորարարութիւններու մէջ ներդրումներու ծաւալի առումով՝ 9րդ դիրքը:
Ան կոչ ուղղեց Միացեալ Նահանգներու «ներքին վերանորոգման» մէջ ներդրում կատարելու, որպէսզի երկիրը պահպանէ համաշխարհային գետնի վրայ իր ունեցած յառաջատար դիրքը: