ՀՆՉԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐԱՎԻԳ ԿԱՆԳՆԵԼՈՒ ԿՈՉ
Ուրբաթ, 6 Օգոստոսի երեկոյեան, ի պատիւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, տէր եւ տիկին Պետիկ եւ Մարօ Ֆերմանեաններուն կազմակերպութեամբ եւ անոնց տան մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ընդունելութիւն մը, ներկայութեամբ հիւրընկալ ամոլին կողմէ հրաւիրուած խումբ մը բարեկամներու:
Գարեգին քհնյ. Պետուրեան՝ իբրեւ հանդիսավար, արտասանեց բարեմաղթական խօսքեր, ապա Մարօ Ֆերմանեան իր եւ իր ընտանիքին անունով բարի գալուստ մաղթեց աւելի քան հարիւր ներկաներուն եւ իր սրտագին մաղթանքները փոխանցեց սրբազան հօր:
Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս, դեսպան Արմէն Բայբուրդեան այս առիթով արտասանեց իր սրտին խօսքը՝ ընդգծելով սրբազան հօր առաջնորդական առաքելութեան կարեւորութիւնը, դրուատեց անոր նուիրեալ ծառայութիւնը եւ իր սրտագին շնորհաւորանքները մատոյց երիտասարդ, նորընտիր սրբազան հօր:
Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան իր խօսքին մէջ վեր առաւ եզակի այս առիթը, որ առաջնորդ սրբազան հօր ի պատիւ ընդունելութիւն ըլլալու կողքին է՛ նաեւ օրհնեալ պահ՝ քով-քովի գալու եւ միասնաբար վայելելու Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի հովուական ներկայութիւնը ոչ միայն այս երեկոյին, այլեւ ընդհանրապէս մեր կեանքին մէջ: Ստեղծուած այս անզուգական պատեհութեան համար, ան նաեւ շնորհաւորեց հիւրընկալ Ֆերմանեան ամոլը իր ազնիւ մտածումին ու բարձր կազմակերպուածութեան համար, ապա հրաւիրեց առաջնորդը, որ ներկաներուն ուղղէ իր սրտի խօսքը:
Սրբազանը առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆերմանեան ամոլին՝ բացառիկ ընդունելութեան առիթով, ներկաներուն, որոնք, ընդառաջելով Պետիկ եւ Մարօ Ֆերմանեաններու հրաւէրին, ներկայ եղան երեկոյին՝ առ ի խնդակցութիւն Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի իր առաջնորդ ընտրութեան, ապա արժանաւորինս գնահատեց հրաւիրեալներուն ցուցաբերած մնայուն զօրակցութիւնը Արեւմտեան Ամերիկայի թեմին եւ սրտագին կոչ ուղղեց բոլորին, որ իրենց խնամքն ու զօրակցութիւնը անվերապահօրէն յայտնեն Լիբանանի մէջ ներկայիս տնտեսական եւ ընկերային գետնի վրայ անմարդկային ծանր պայմաններ դիմագրաւող լիբանանահայութեան, որ ազգի վերջին դարու կեանքին մէջ իր լուսափառ ներկայութեամբ միշտ եղած է յաղթանակներու կերտիչ, իսկ այսօր, դժբախտաբար, կը տուայտի երկիրը հարուածող տեսակ-տեսակ տագնապներու անողոք հարուածներուն տակ: Իր խօսքի աւարտին, Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսին, «Կիլիկեան Ասպետ» շքանշանով պարգեւատրեց տէր եւ տիկին Պետիկ եւ Մարօ Ֆերմանեանները՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմին եւ ընդհանրապէս հայութեան կեանքին մէջ կատարած իր յոյժ գնահատելի բարեգործութիւններուն եւ ցուցաբերած ծառայական ոգիին համար:

Հուսկ, ազգային բարերար Պետիկ Ֆերմանեան արտասանեց իր սրտի խօսքը՝ իր եւ իր ընտանիքին անունով խորին շնորհակալութիւններ յայտնելով Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գահակալ Արամ Ա. վեհափառին՝ իրեն տրուած շքանշանին համար, առաջնորդ սրբազան հօր՝ իր հրաւէրին ընդառաջելուն համար եւ բոլոր հիւրերուն՝ իրենց ոգեշնչող ու գօտեպնդիչ ներկայութեան համար: