ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Մահացաւ հանրածանօթ լրագրող եւ հասարակական գործիչ Րաֆֆի Հերմոն Արաքս: Ան կարճատեւ հիւանդութենէ մը ետք, իր մահկանացուն կնքեց Երեւանի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ, ուր ենթարկուած էր գործողութեան աղիքներու խցանումի պատճառով, որուն յաջորդած էին այլ խոչընդոտներ:
Րաֆֆի Հերմոն Արաքս ծնած էր 1958ին, Պոլիս: Նախնական ուսումը ստացած էր տեղւոյն Նոր Դպրոց եւ Էսայեան վարժարանները: Ապա յաճախած էր Կեդրոնական վարժարանը, ուրկէ աւարտական դասարանին փոխադրուեցած էռ Շիշլի Լիսէսի: Րաֆֆի Հերմոն Արաքսի մամուլի աշխատութեան առաջին օրինակները յայտնուեցան «Մարմարա» օրաթերթի էջերուն վրայ: Ան, ընկերակցութեամբ իր խումբ մը ընկերներու՝ որոշ ժամանակ «Մարմարա»ի էջերուն վրայ պատրաստեց «Մենք՝ Նոր Սերունդ» խորագրեալ յատուկ էջ մը:
Արաքսի լրագրութեան աշխատանքին մէջ արտակարգօրէն յատուկ երեւոյթ մըն էր «Ակօս»ի երկլեզու հրատարակութիւնը: Ան մեծ ոգեւորութեամբ ողջունած էր այս նախաձեռնութիւնը եւ իսկոյն մաս կազմած «Ակօս»ի անձնակազմին: Այդ տարիներուն, ան իր ուսումը կը շարունակէր Փարիզի մէջ եւ նոյն ոգեւորութեամբ կը մասնակցէր, այս անգամ Ֆրանսական երկնակամարին տակ հնչող հայկական նոր արձագանգի մը, որն էր՝ «Ռատիօ Ազգ» նախաձեռնութիւնը: Հայ կեանքէն ներս իւրաքանչիւր ոստում, իւրաքանչիւր նոր նախաձեռնութիւն հրճուանքի, յուզումի եւ ոգեւորութեան պատճառ մըն էր իրեն համար եւ չէր կրնար անտարբեր մնալ: Մեծ եռանդով կը մխրճուէր այդ նոր ձեռնարկին եւ կը բերէր իր գործօն մասնակցութիւնը:
Րաֆֆի Արաքս Հայաստանի մէջ աշխատակցեցաւ «Հայ Ֆիլմ» սթիւտիոյին, իբրեւ օգնական անուանի բեմադրիչ Հենրիկ Մալեանի:
Փարիզ բնակութեան տարիներուն, իբրեւ պաշտօնական գրանցում ունեցող լրագրող՝ բազմաթիւ յօդուածներ գրեց Եւրոպական խորհրդարանի նիստերէն:
Րաֆֆի Հերմոն Արաքս բացի լրագրողութեան իր մասնագիտութենէն, զանազան պաշտօններ վարած էր բազմաթիւ հասարակական կազմակերպութիւններու մէջ:
Անոր վերջին գործն էր՝ «Արմէնփրէս»ի թրքերէն բաժինի խմբագրութիւնը: